Եթէ մէկը պիտի յանդգնի Թուրքիոյ մամուլի պատմութիւնը գրի առնել, իսկոյն պիտի նկատէ թէ այդ պատմութիւնը ծագած ու ծաղկած է Պոլսոյ Պապը Ալի՝ այսինքն Մեծ Դուռ թաղամասը։ Բարձունքի վրայ է ան, որուն հասնող զառիվերը մաշեցուցած են երկրի մտաւորականութեան վերնախաւը։ Անոնց շարքէն է նաեւ գեղանկարիչ Յակոբ Արատ, որ երկար տարիներ ծառայեց «Ճումհուրիյէթ» օրաթերթին։
Յակոբ Արատի գեղարուեստական վաստակը երկարաշունչ ուսումնասիրութիւնով մը ընթերցողին կը ներկայացնէ Ինճի Այտըն, «Արաս»ի մատենաշարէն լոյս տեսած «Գոյներու Տիոկենեսը» անուն ուսումնասիրութիւնով։
Տրուած ըլլալով թէ Յակոբ Արատ իր կեանքի վերջին ամիսները անցուցած էր Պոյաճըգիւղի Սուրբ Երից Մանկանց Եկեղեցւոյ շրջափակին իրեն տրամադրուած սենեակ մը, որոշուած է նորատիպ գիրքի շնորհանդէսը կատարել սոյն եկեղեցւոյ պարտէզին մէջ, 8 Մայիս ուրբաթ երեկոյ, ժամը 19.00-ին։ Գեղարուեստական բնոյթով կազմակերպուած գնիեձօնին երաժշտական բաժինը վստահուած է Չաղլար Ֆիտանին։ Իսկ Ինճի Այտըն, Արեք Քազար եւ Պուրճու Փելվանօղլու պիտի արտայայտուին «սովորական կեանքի գեղանկարիչը Յակոբ Արատի արուեստը եւ ոճը» խորագիրով։
Պեթիւլ Պաքըրճը եւ Նիհալ Պոզթեքին ալ ներկաներուն պիտի փոխանցեն սոյն ուսումնասիրութեան մինչեւ հրատարակութիւն անցած ճանապարհը։



