Համայնքային կեանքի սահմանումով, նախորդ շաբաթավերջի կարեւորագոյն զարգացումը Կրթութեան Նախարար Եուսուֆ Թէքինի Պատրիարքարան կատարած այցելութիւնն էր։
25 Յուլիս շաբաթ օր երբ նախարարի շքախումբը կը մտնէր Պատրիարքարանի փողոցը, Պատրիարք Սրբազանն ալ եղած էր մուտքը, պատշաճ կերպով դիմաւորելու համար բարձրաստիճան հիւրերը։
Նկատի ունենալով այցելուի ներկայացուցած բարձր պաշտօնը, Պատրիարքարանն ալ ծրագրած էր պատշաճ դիմաւորման կարգ։
Միւս կողմէ Եուսուֆ Թէքին, բաղդատմամբ իրեն նախորդներուն, երկրի տարածքին ամենածանր քննադատութիւններու ենթարկուած անուն մըն է։
Ուսման բնագաւառի բոլոր տարրերը խնդիր ունին իր հետ։ Ան իր ելոյթներով բուռն բողոքներու տեղի տուած է։ Նախարարի անցեալին աղմկահարոյց ելոյթներէն մէկը եղած էր աղանդները իբրեւ հասարակական կազմակերպութիւն բնութագրելը։
Յատկապէս երկրի պատմական նշանակութիւն ունեցող կարգ մը դպրոցներուն միջամտած էր։ Նկատած էր թէ օտար լեզուներով կրթութիւն ջամբող այդ դպրոցներու շրջանաւարտները համարեա ամբողջութեամբ կ՚ուղղուին օտար երկիրներ, իրենց ուսումը այս երկիրներու ԲՈՒՀ-երուն մէջ շարունակելու համար։ Նախարարը փոխանակ միւս դպրոցները անոնց մակարդակին բարձրացնելու փորձեց այս յաջողակները իջեցնել անյաջողներու մակարդակին։
Նախարարի այցելութեան ներկայ գտնուեցան համայնքային ուսման հաստատութիւններու ներկայացուցիչներ, ԷՐՎԱՊ-ի կրթական յանձնախումբի պետ Մարի Եանճը, թրքահայ ակադեմականներու հարթակի անունով Տոքթ. Սեւան Կարապետօղլուն եւ այլ։
Արդարեւ այս կազմը նախարարին հետ ունեցան նաեւ մասնագիտական խորհրդածութիւն։ Այստեղ մեր կրթական մշակները յայտնեցին թէ հաւատարիմ պիտի մնան նախարարութեան մշակած «Թուրքիոյ դարաշրջանի ուսման ծրագիրը» նախագծին։
Սոյն նախագիծը կեանքի կոչուած է Նախարար Եուսուֆ Թէքինի պաշտօնավարութեան շրջանին։ Նախագծի համաձայն ուսումը չէ սահմանափակուած միայն գիտելիքի փոխանցումով։ Այլ կը նպատակադրուի աշակերտը ամբողջական անհատ մը ըլլալով ընկալել եւ զայն զարգացնել, օժտելով նաեւ բարոյական արժանիքներով։ Այս նոր համակարգը պիտի գործադրուի մեր վարժարաններէ ներս յատկապէս հայերէն լեզուի եւ կրօնքի դասապահերուն։ Նախարար Թէքին կը գերադասէ խօսակցութեան, ընթերցման եւ ընկալման յատկութիւններու զարգացումը, բաղդատմամբ քերականական գիտելիքներու ուսուցման։
Նման մերձեցումը իր մէջ ունի որոշ տրամաբանութիւն, քանի որ աշակերտները իմանալով հանդերձ նախադասութիւն կազմելու կանոնները, ինքնավստահութեան բացակայումով անոնք չեն կրնար տիրապետել իրենց սովորած լեզուին։



