Այդ հետազօտողներու շարքին կ՚առանձնանայ իտալացի արուեստաբան եւ հայագէտ Ռաքէլ Ձանոնէն, որու գիտական հետաքրքրութիւններու առանցքին միջնադարեան հայկական ձեռագրերու մանրանկարչութիւնը ու հայկական նիւթական մշակոյթն են։ Վերջին տարիներուն անոր հետազօտութիւնները կը ներառեն նաեւ ոչ եւրոպական արուեստներու զարդարուեստային արտայայտութիւնները, մասնաւորապէս՝ Արեւելեան Ասիայի նիւթական մշակոյթը։ 2020 թուականին ան դոկտորական աստիճան ստացած է Հռոմի Roma Tre համալսարանէն՝ «Պատմութիւն, տարածք եւ մշակութային ժառանգութիւն» մասնագիտութեամբ։
Ռաքէլը հետազօտութիւններ իրականացուցած է Երեւանի Մատենադարանի գիտահետազօտական ինստիտուտ եւ Ֆլորէնցիայի Kunsthistorisches Institut-ի մէջ։ 2022–2023 թուականներուն եղած է Ֆլորէնցիայի համալսարանի յետ դոկտորական հետազօտող՝ ERC «Armenia Entangled» ծրագրի շրջանակին։ Անոր գիտական ճանապարհի կարեւոր փուլերէն են նաեւ Լուկը կայի Fondazione Centro Studi sull’Arte Licia e Carlo Ludovico Ragghianti-ի մէջ 2023–2024 թուականներուն ունեցած կրթաթոշակը եւ Սիենայի օտարերկրացիներու համալսարանին 2025–2026 թուականներուն իրականացուցած հետազօտութիւնը։
Ռաքէլի ուսումնասիրութիւնները կարեւոր են նաեւ այն պատճառով, որ հայկական արուեստը ան կը դիտարկէ աւելի լայն՝ միջմշակութային կապերու եւ նիւթական մշակոյթի շրջանառութեան համատեքստի մէջ։ Անոր գիտական հետաքրքրութիւնները կը ներառեն միջնադարեան ձեռագրերու մանրանկարչութիւնը, ոչ եւրոպական զարդարուեստային արտայայտութիւնները, պատկերներու եւ առարկաներու շրջանառութիւնը, ինչպէս նաեւ Եւրոպայի եւ Ասիայի փոխյարաբերութիւններու մէջ մշակութային տարբերութեան ընկալման ու կառուցման գործընթացները։ Ան համագործակցած է նաեւ «Armenia Rilevata» ճարտարապետական հետազօտութեան նախագիծով, որ կը համակարգէ Հռոմի Sapienza համալսարանը։
Ռաքէլի գիտական ճանապարհի կարեւոր առանձնայատկութիւններէն է Հայաստանի հետ անոր շարունակական կապը։ Երեւանի Մատենադարանի գիտահետազօտական միջավայրին մէջ իրականացուցած աշխատանքները, հայկական ձեռագրերու ուսումնասիրութիւնը եւ հայկական արուեստի ու նիւթական մշակոյթի նկատմամբ անոր հետեւողական հետաքրքրութիւնը կը վկայեն այն մասին, որ հայագիտութիւնը անոր համար ոչ միայն ակադեմական մասնագիտութիւն է, այլեւ երկարատեւ գիտական եւ մարդկային ներգրաւուածութիւն։
Հայագիտութեան մէջ Ռաքէլ Ձանոնէի գործունէութիւնը արժէքաւոր է յատկապէս նրանով, որ ան հայկական մշակոյթը կը ներկայացնէ համաշխարհային արուեստի եւ մշակութային փոխազդեցութիւններու աւելի լայն շրջանակին մէջ։ Անոր ուսումնասիրութիւնները նոր կապեր կը բացայայտեն Հայաստանի, Եւրոպայի եւ Ասիայի միջեւ՝ միաժամանակ ընդլայնելով հայկական արուեստի ուսումնասիրման գիտական սահմանները։ Ռաքէլ Ձանոնէին երախտագիտութիւն կը յայտնենք անոր գիտական նուիրումի համար, որու շնորհիւ XXI դարին հայագիտութիւնը կը շարունակէ հարստանալ նոր ուսումնասիրութիւններով, նոր հարցադրումներով եւ հայկական մշակութային ժառանգութիւնը աշխարհին ներկայացնելու նոր հնարաւորութիւններով։
Հարցազրոյց Ռաքէլ
Ձանոնէի հետ
Միջնադարեան ձեռագրերու առջեւ կանգնելուս դուք առաջինը ի՞նչ կը տեսնէք՝ արուեստի գործ, պատմական փաստաթուղթ, թէ՞ մարդու հոգեւոր յիշողութիւնը։
Կը կարծեմ, որ ցանկացած ձեռագիր՝ ըլլայ ան միջնադարեան, թէ ժամանակակից, իր մէջ կ՚ամփոփէ եւ կը ներկայացնէ այս երեք բաղադրիչներն ալ։ Որպէս նիւթական առարկայ՝ ան կը մարմնաւորէ մի իրականութիւն, որ միաժամանակ նիւթական եւ հոգեւոր է, ինչպէս նաեւ մարդաբանական եւ պատմա- արուեստաբանական։ Հէնց այս տարբեր հարթութիւններու փոխ կապակցուածութեան մէջ կը գտնուի ձեռագրի ամենաիսկական արժէքը որեւէ ժողովուրդի պատմութեան համար։ Յատկապէս հայերու պարագային ձեռագրական ժառանգութիւնը անոնց ինքնութեան շօշափելի եւ անգնահատելի յիշողութիւնն է։
Որպէս իտալացի հետազօտող՝ ի՞նչ էր հայկական արուեստի մէջ ան առաջին «ձայնը», որը ստիպեց ձեզ երկար մնալ անոր կողքին։
Իմ դէպքին սա իսկապէս կոչում էր։ Հայկական արուեստին եւ մշակոյթին մօտեցայ շուրջ տասը տարի առաջ՝ ուսումնասիրելով Վանայ լճի Աղթամար կղզիի բացառիկ եկեղեցին, որ կը գտնուի հին Վասպուրականի թագաւորութեան տարածքին։ Այդ պահէն սկսած իմ մէջ ծնաւ այս ժողովուրդի հազարամեակներու պատմութիւնը, ինչպէս նաեւ անոր պատմական ողբերգութիւնները խորութեամբ ճանչնալու ցանկութիւնը։ Երբ 2016 թուականին առաջին անգամ այցելեցի Հայաստան, այդ ներքին կոչումը աւելի ուժեղ դարձաւ։ Այդ ժամանակէն ի վեր այն միայն աւելի ամրապնդուած է՝ թէ՚ գիտական հետազօտութեան, եւ յատկապէս՝ մարդկային յարաբերութիւններու մակարդակին։ Ի վերջոյ, պատմութիւնը կը կերտեն մարդիկ։
Ձեր ուսումնասիրութիւններուն կարեւոր տեղ ունին Վասպուրականի մանրանկարները։ Ի՞նչն է այդ դպրոցի առանձնայատկութիւնը, որ մինչ օրս կը շարունակէ ձեզ զարմացնել։
Հէնց Վասպուրականի մանրանկարչութիւնը եղնծ է իմ մասնագիտացման ոլորտը. անոր նուիրած եմ 2020 թուականին պաշտպանած դոկտորական ատենախօսութիւնս։ Այս դպրոցի մանրանկարչութիւնը կ՚առանձնանայ ոչ կանոնական պատկերագրութիւնով, որ յաճախ ամբողջութեամբ ստեղծուած է հէնց արուեստագէտներու կողմէ։ Անոնք ոգեշնչուած են ոչ միայն տարբեր տեսակի գրաւոր աղբիւրներէն, այլեւ իրենց շրջանի առօրեայ կեանքէն։ Այս մանրանկարները կ՚առանձնանան վառ գոյներով, խորապէս մարդկայնացուած ու ժպտացող դէմքերով, ինչպէս նաեւ ոճաւորուած, գծային ու կրաֆիքական պատկերային լեզուով, որ, միեւնոյն ժամանակ, արտակարգ արտայայտչական ուժ ունի։ Հէնց ստեղծագործական ազատութիւնը ու պատմողական անմիջականութիւնը միաւորելու այս բացառիկ կարողութիւնն է, որ մինչ օրս կը շարունակէ զարմացնել ինձ։
Հայկական արուեստը ուսումնասիրելուս ի՞նչը ամենէն յաճախ կը կոտրէ եւրոպական արուեստի մասին արդէն ձեւաւորուած պատկերացումները։
Կը կարծեմ՝ հայկական արուեստը առաջին հերթին կասկածի տակ կը դնէ մշակութային կոշտ սահմաններու գաղափարը։ Անոր ուսումնասիրութիւնը ցոյց կու տայ, որ միջնադարի պատկերները, ձեւերը, առարկաները ու գեղարուեստական լեզուները ձեւաւորուած են տարբեր մշակոյթներու միջեւ շարունակական հանդիպումներու եւ փոխանակումներու արդիւնքին։ Հետեւաբար, հայկական արուեստը մեզ կոչ կ՚ընէ յաղթահարել արուեստի պատմութեան բացառապէս եւրոկեդրոն ընկալումը եւ Միջերկրական աշխարհն ու Արեւելքը դիտարկել որպէս երկխօսութեան, փոխադարձ ազդեցութիւններու եւ փոխակերպումներու միասնական տարածք։
Եթէ հայկական մանրանկարները կարողանային խօսիլ մեր ժամանակակից աշխարհի հետ, ըստ ձեզ՝ ո՞րը կ՚ըլլար անոնց գլխաւոր ուղերձը։
Անոնք, անկասկած, կը փոխանցեն բացառիկ մտաւոր հարստութեան եւ անվիճելի պատմական ժառանգութեան ուղերձ։ Մանրանկարչութիւնը պատկեր է, եւ որպէս այդպիսին՝ այսօր ալ կը շարունակէ ներկայանալ ժամանակակից աշխարհին որպէս ստեղծագործական գործընթացի արտայայտութիւն, որ դեռեւս կարող է հաղորդակցուիլ մարդու հետ։ Հէնց այդ պատճառով չափազանց կարեւոր է շարունակել այնպիսի ծրագրերը ու նախաձեռնութիւնները, որոնք կը նպաստեն այս ժառանգութեան արժեւորումը եւ պահպանութիւնը՝ ապահովելով անոր գոյութիւնը նաեւ ապագայ սերունդներու համար։
Ի՞նչ է փոխել հայագիտութիւնը ձեր մէջ՝ որպէս գիտնականի եւ որպէս մարդու։
Կը կարծեմ՝ հայոց լեզուի եւ հայագիտութեան ուսումնասիրութիւնը փոխած է իմ վերաբերմունքը գիտական հետազօտութեան նկատմամբ։ Ան ինձ սորվեցուցած է, թէ որքան կարեւոր է որեւէ մշակոյթին մօտենալ անոր սեփական գործիքներու, սկզբնաղբիւրներու եւ առանձնայատկութիւններու միջոցով։ Հայերէնը, որքան ալ դժուար ըլլայ, կը շարունակէ մնալ այս քաղաքակրթութիւնը առաւել խորութեամբ հասկնալու հիմնական բանալիներէն մէկը։ Բայց ամենէն կարեւորը այն է, որ այս տարիներու ընթացքին Հայաստանը դարձած է իմ երկրորդ տունը։ Ժամանակի ընթացքին ձեւաւորուած մարդկային յարաբերութիւնները խոր արմատներ ունին եւ իմ գիտական ու անձնական ճանապարհի անբաժանելի մասը կը կազմեն։
Այս պահուն ի՞նչ գիտական նախագծերու վրայ կ՚աշխատիք եւ ի՞նչ նոր բացայայտումներ կրնանք սպասել ձեզմէ մօտ ապագային։ Ո՞րը կ՚ըլլայ ձեր գիտական ճանապարհի յաջորդ կարեւոր հանգրուանը։
Այս պահուն կ՚աշխատիմ շարք մը գիտական նախագծերու վրայ եւ բարեբախտաբար, հետազօտական թեմաներու պակաս չկայ։ Վերջին շրջանին իմ ուսումնասիրութիւնները կեդրոնացած են Հայաստանի եւ Հեռաւոր Արեւելքի, մասնաւորապէս՝ Չինաստանի միջեւ առնչութիւններու վրայ՝ որոշ նիւթական վկայութիւններու եւ անոնց սկզբնաղբիւրներու ուսումնասիրութեան միջոցով։ Անոնց զուգահեռ խորութեամբ կ՚ուսումնասիրեմ հայկական ձեռագրերուն հանդիպող առանձին պատկերագրական օրինակներ եւ աստիճանաբար աւելի ու աւելի կը ներգրաւուիմ եւրոպական սահմաններէն դուրս գտնուող մշակոյթներու զարդարուեստային արտայայտութիւններու ուսումնասիրութեան մէջ։
Ի՞նչ կը ցանկանայիք մաղթել «Ակօս» շաբաթաթերթի ընթերցողներուն, որոնք տարբեր երկրներու մէջ կը շարունակեն պահպանել հայկական լեզուն, մշակոյթն ու պատմական յիշողութիւնը։
Կը մաղթեմ, որ անոնք միշտ պահպանեն աշխարհի մէջ հայկական մշակոյթը պահել եւ փոխանցել իրենց հաստատակամութիւնը, ինչպէս նաեւ մշտապէս առաջնորդուին ան ճանչնալու, գնահատելու եւ արժեւորելու ցանկութեամբ։ Թող այս ընեն ան գիտակցութեամբ եւ հպարտութեամբ, որ կը պատկանին հնագոյն պատմութիւն ունեցող ժողովուրդի մը, որ չնայած ժամանակակից աշխարհի դժուարութիւններուն ու մարտահրաւէրներուն, մինչ օրս կը շարունակէ ոգեշնչել ոչ միայն հայերուն, այլեւ բազմաթիւ այլ մարդկանց։
Սեւ Ծովեան Տնտեսական Համագործակցութեան Կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ Նայիրի Պետրոսեան կարճ ժամանակի մէջ դժբախտութիւնը ունեցաւ կորսնցնելու ծնողքը՝ Ռուբէն Պետրոսեանն ու Վանուհի Սեդրակեանը։
Այս առթիւ, Ներկայացուցչութեան համակիրներ 20 Օգոստոս 2026, Հինգշաբթի երեկոյ, հոգեճաշ մը կազմակերպեցին Ս. Փրկիչ Ազգ. Հիւանդանոցի երդիքին տակ։
Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը նախագահեց Հիւանդանոցի մատրան մէջ կատարուած հոգեհանգստեան պաշտօնին, որուն մասնակցեցան Գերշ. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեան, Աթոռոյս վեղարաւոր միաբաններն ու քահանայ հայրեր, ինչպէս նաեւ համայնքային հաստատութեանց՝ խնամակալութեանց, հոգաբարձութեանց, թաղային խորհուրդներու եւ Ստանպուլահայ մամուլի ներկայացուցիչները։ Մեր Հոգեւոր Պետի արտասանած հանգստեան աղօթքով յիշատակուեցան Ռուբէն Պետրոսեանն ու Վանուհի Սեդրակեանը։
Ապա ներկաներ առաջնորդուեցան Կոմիտաս Վրդ.ի անուան ձօնուած սրահը, ուր հոգեճաշ սարքուեցաւ։
Այստեղ բարի գալստեան խօսքով հանդէս եկաւ Կարգադիր Յանձնախումբէն Նուարդ Աւետիքօղլու։ Օրուան համակարգող եւ Ժամանակ օրաթերթի խմբագիր Արա Գօչունեան ելոյթ ունեցաւ ու նախ որդիական երախտիքը յայտնեց մեր Հոգեւոր Պետին, որ սիրով նախագահեց սոյն մէկտեղումին, ապա շնորհակալութիւն յայտնեց Ս. Փրկիչ Ազգ. Հիւանդանոցի Հոգաբարձութեան, որ սիրով ստանձնած է հոգեհանգստեան ու հոգեճաշի հիւրընկալութիւնը։ Արա Գօչունեան ըսաւ, որ ցաւ կը պատճառէ ծնողի մահը։ Նայիրի Պետրոսեան այդ ցաւը ապրեցաւ երկիցս՝ հօր եւ մօր իրարայաջորդ մահուամբ։ Գօչունեան ըսաւ, որ Նայիրի Պետրոսեան իր հարազատ տեղն ունի մեր համայնքին մէջ եւ կը ներկայացնէ Հայաստանի Հանրապետութիւնը։ Յանուն Կարգադիր Յանձնախումբին եւ ներկաներուն անգամ մը եւս ցաւակցեցաւ եւ մխիթարութիւն մաղթեց իրեն։
Ապա ելոյթ ունեցաւ Նայիրի Պետրոսեան եւ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլորին՝ սկսեալ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօրմէ, Կարգադիր Յանձնախումբէն, Ս. Փրկիչ Հիւանդանոցի Հոգաբարձութենէն, որոնք եկած էին ցաւակցելու իր ծնողքին մահուան առթիւ։ Պետրոսեան իր ուրախութիւնը արտայայտեց, որ բախտն ունեցած էր մինչեւ այսօր վայելելու ծնողքին ներկայութիւնը եւ յոյս յայտնեց, որ օր մը նորէն միասին պիտի ըլլան։
Հուսկ բանքը արտասանեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը եւ ըսաւ, որ մարդու կեանքին մէջ շատ մեծ ազդեցութիւն ունին երկու զգացումներ՝ ուրախութիւնն ու տխրութիւնը։ Ուրախութիւնը բաժնուելով կը շատնայ, իսկ տխրութիւնը՝ կը նուազի։ Այսօր մենք քով քովի եկած ենք Նայիրի Պետրոսեանի տխրութիւնը բաժնելու։ Ապա մեր Հոգեւոր Պետը խօսեցաւ մահուան եւ յարութեան մասին եւ ըսաւ, որ մահը վախճան չէ, քանի մենք քրիստոնեաներ ենք եւ կը հաւատանք յարութեան։ Նորին Ամենապատուութիւնը ուրախութիւն յայտնեց, որ Նայիրի Պետրոսեան քրիստոնէական հաւատքով կը մօտենայ իր ծնողքի կորուստին։ Պատրիարք Հայրը ըսաւ, որ ներկաներ ծանօթ չէին հանգուցեալներուն, սակայն ուրախ էին անոնց որդին ճանչնալով։ Խօսքի աւարտին մեր Հոգեւոր Պետը անգամ մը եւս ցաւակցեցաւ Նայիրի Պետրոսեանին եւ երկնային հանգիստ մաղթեց անոր ծնողաց, իսկ իրեն՝ Ս. Հոգւոյ մխիթարութիւնը։



