10Օգոստոսին, Ուաշինկթընի խաղաղութեան վեհաժողովի միամեակին առիթով, Ուաշինկթընի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի արտաքին գործոց փոխնախարարի ժամանակաւոր պաշտօնակատար Վահան Կոստանեանի, Ատրպէյճանի արտաքին գործոց փոխնախարար Էլնուր Մամատովի եւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան քաղաքական հարցերով տեղակալ Էլիսըն Հուքըրի հանդիպումը: Լուրը փոխանցեցին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութենէն։
Կոստանեան բարձր գնահատեց Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի ներդրումը ինչպէս նախորդ տարի տեղի ունեցած վեհաժողովի կայացման, այնպէս ալ այս տարուան ընթացքին Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան պետականօրէն հաստատման պարունակին մէջ։
Հանդիպման ընթացքին կողմերը միտքեր փոխանակեցին արդէն իսկ արձանագրուած դրական զարգացումներու, տարածաշրջանին մէջ ենթակառուցուածքային ծրագիրներու եւ վստահութեան ամրապնդման քայլերուն վերաբերեալ:
Ընդգծուեցաւ առկայ մարդասիրական խնդիրները հասցէագրելու կարեւորութիւնը:



