Հայաստան այցելող զբօսաշրջիկներու թիւը ամենաբարձր մակարդակին հասաւ
Նախարարին տուած տեղեկութիւններուն համաձայն, 2025 տարուան Նոյեմբեր ամսուն երկիրը 176.571 զբօսաշրջիկի այցելեց։ Այս թիւը մինչեւ հիմա Նոյեմբեր ամսուան համար գրանցուած ամենաբարձր քանակութիւնն է։
Փափոյեան հետեւեալ բացատրութիւնները ըրաւ.
«Այս տարի զբօսաշրջութեան գործադաշտին շարք մը հաջողութիւններ ձեռքբերեցինք։ 2025-ին Մայիս, Յունիս, Յուլիս, Օգոստոս, Հոկտեմբեր եւ այժմ Նոյեմբեր ամիսներուն մէջ Հայաստանը մինչեւ այսօր ամենաբարձր զբօսաշրջիկներու այցելութիւնը ունեցաւ»։
Նախարարին խօսքերուն համաձայն Նոյեմբեր ամսուան արդիւնքը,
– 2019 տարուան համեմատ 26 տոկոս,
– 2023 տարուան համեմատ 18 տոկոս,
– 2024 տարուան համեմատ ալ 15,4 տոկոս
բարձրացած է։
Ըստ զբօսաշրջութեան Կոմիտէին, երկիրը 2025-ին առաջին 10 ամիսներուն 1,94 միլիոն զբօսաշրջիկ ընդունելով, անցեալ տարուան նոյն ժամանակաշրջանին 1,92 միլիոնանոց այցելուներու թիւը անցաւ։ Այս աճը կը նշանակէ, Հայաստանի հանդէպ զբօսաշրջիկներու բարձրացող հետաքրքրութիւնը։
Նոյեմբեր ամսուան այցելուներու բարձր քանակութիւնը, կը նշանակէ որ նոյնիսկ ոչ ամարային ժամանակաշրջաններուն Հայաստանը ունի զբօսաշրջիկներուն հետաքրքրութիւնը գրաւելու կարողութիւնը։
(Հայաստանի Հանրային Ռատիօ)

