Հայաստանը, անկախ կազի գինի հաւանական փոփոխութենէն, պիտի շարունակէ կազի մատակարարման աղբիւրներու այլազանութեան քաղաքականութիւնը, յայտարարեց վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան։
«Մենք այլազանութիւն պիտի բերենք անկախ ամէն ինչէն։ Թանկանայ, չթանկանայ, ինչ ալ ըլլայ`մենք: այլազանութիւն պիտի բերենք։ Եթէ ըլլայ հնարաւորութիւն երկրորդ տեղէն բերել կազ, մենք կ՚երթանք այդ ճանապարհով։ Եթէ կայ հնարաւորութիւն երրորդ տեղէն բերել, կ՚երթանք այդ ճանապարհով։ Եթէ կայ հնարաւորութիւն, որ «Թրամփի ուղի»-ով կազամուղ անցնի Հայաստանով, որով մենք այդ թուին տարանցիկ վճարներ կը ստանանք, այդ ճանապարհով ալ կրնանք երթալ։ Մենք կը պատկերացնենք մեր ընելիքը բոլոր հնարաւոր բեմագրութիւններու դէպքին», լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտարարեց վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը` պատասխանելով կազի սղութեան պարագային քաղաքացիներուն վրայ յաւելեալ բեռի ազդեցութեան մասին հարցումին։
Վարչապետը ընդգծեց, որ «Կազփրոմ Արմէնիա» ընկերութիւնը շահութաբեր ընկերութիւն է, աւելցնելով. «Հայաստանի մէջ կազը աժան չէ, սահմանէն մինչեւ սպառող հասնելու ճանապարհին, համեմատած այլ երկրներու հետ, Հայաստան գնի գոյացման ամենամեծ աճն է որ տեղի կ՚ունենայ»:
«Այդպիսի ոլորտ չկայ, որ մենք չենք երթալու այլազանութեան։ Մեր քաղաքական որոշումն այն է, որ մեր անկախութիւնը զարգացնելու ենք, մեր պետականութիւնը զարգացնելու ենք։ Մնացածը ընթացիկ հարցեր են, եւ յստակ իրավիճակները կրնան ունենալ յստակ պատասխաններ», յայտնեց վարչապետը։
Անդրադառնալով կազի հաւանական սղութեան՝ Փաշինեան ընդգծեց նաեւ. «Եթէ նման իրավիճակներ ըլլան թանկացնելու, մենք ալ կը նայինք, թէ ինչ կրնանք թանկացնել, կամ ինչ կայ, որ մինչեւ հիմա անվճար է, ասկէ ետք կրնայ համամասնօրէն գին առաջանայ։ Այնպէս որ բնական կը վերաբերինք, հանգիստ աշխատանքային մթնոլորտի մէջ պէտք է եւ կրնանք քննարկել»։



