Հայաստանի առաջին դասարանցիներուն թիւը աճած է
ԷՄՄԱ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ
Ուսումնական նոր տարեշրջանը սկսած է 1 Սեպտեմբերին։ Առաջին զանգի հետ գիտելիքներու աշխարհ մուտք գործեցին մօտ 40 հազար առաջինդասարանցիներ, որոնց կը սպասէ նոր բացայայտումներու 12 հետաքրքիր տարիներ։
Ուսումնական տարուան մէկնարկը տօն է ոչ միայն աշակերտներու եւ ուսանողներու, այլ նաեւ ուսուցիչներու ու դասախօսներու համար։ Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի ալ ՀՀ կրթական օճախներէ ներս Սեպտեմբերի 1-ը դիմաւորուեցաւ տօնական միջոցառումներով. ծաղկեփունջերով, երգ ու պարով։
Գիտելիքի օրուան առիթով շնորհաւորական ուղերձ յղած է ՀՀ Կրթութեան եւ Գիտութեան Նախարար Արմէն Աշոտեանը, ուր մասնաւորապէս կ՚ըսէ. «Սիրելի մանկավարժներ, դասախօսներ, ոլորտի ներկայացուցիչներ, կրթութեան համակարգում ներկայիս իրականացուող բարեփոխումների յաջողութիւնը պայմանաւորուած է մեր միասնական ու հետեւողական աշխատանքով։ Նոր ուսումնական տարին սկսենք աշխատանքային նոր լիցքերով ու եռանդով։ Համատեղ ջանքերով կրթական համակարգը դարձնենք առաւել կատարեալ, որակեալ ու մրցունակ։ Մեզանից պահանջւում է լինել պատասխանատու եւ զգօն, քանզի մեր աշխատանքի արդիւնքը վաղուան մեր կիրթ ու բանիմաց երիտասարդն է, մեր երկրի հենասիւնը, մեր պետութեան զարգացման ու հզօրացման գրաւականը։ Մէկ անգամ եւս շնորհաւորելով Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի բոլոր դպրոցականներին, ուսանողներին, մանկավարժներին, դասախօսներին, կրթութեան բնագաւառի բոլոր ներկայացուցիչներին նոր ուսումնական տարուան մէկնարկի ու գիտելիքի օրուան կապակցութեամբ, մաղթում եմ նորանոր յաջողութիւններ, ձեռքբերումներ եւ նուաճումներ»։
ՀՀ դպրոցները այս տարի իրենց դռները բացին ընդհանուր հաշուով 400 հազար աշակերտների առջեւ, նախորդ տարուան համեմատ այս տարի առաջինդասարանցիներու թիւը աճած է մօտ 2000-ով։

