Տեղի ունեցած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հեռախօսազրոյցը ՌԴ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։
Զրուցակիցները մտքեր փոխանակած են Հայաստան–Ռուսաստան յարաբերութիւններու օրակարգի, մասնաւորապէս, երկկողմ տնտեսական յարաբերութիւններուն առաջացած խնդիրներու վերաբերեալ։
Վարչապետ Փաշինեան ընդգծած է, որ Հայաստանի արտադրած ապրանքներու՝ ՌԴ շուկայ արտահանման սահմանափակումները կը հակասեն Հայաստան–Ռուսաստան իրաւապայմանագրային շրջանակին ու Եւրասիական տնտեսական միութեան կարգաւորումներուն եւ խնդրած է միջոցներ ձեռնարկել՝ այս խնդիրները կարգաւորելու ուղղութեամբ։
Ինչ կը վերաբերի Հայաստանի՝ Եւրոպական միութեան անդամագրուելու հարցով Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ հանրաքուէ անցկացնելուն, ինչի մասին կ՚ըսուի ԵԱՏՄ անդամ չորս երկրներու ղեկավարներու սոյն թուի Մայիսի 29–ին ընդունուած համատեղ յայտարարութեան մէջ, վարչապետ Փաշինեան ընդգծած է, որ հանրաքուէի անցկացումը գործնականին հնարաւոր է միայն ԵՄ–ին անդամագրման համար Հայաստանի կողմէն Եւրոպական միութեան պաշտօնական դիմում յղելէ եւ թեման առարկայական դարձնելէ ետք։
Միեւնոյն ժամանակ, վարչապետ Փաշինեան ընդգծած է բաց, գործընկերային եւ բարեկամական երկխօսութեան միջոցով նշուած հարցերը լուծելու Հայաստանի Հանրապետութեան Կառավարութեան պատրաստակամութիւնը։



