Պոլսոյ մէջ հիմնուած նոր անկախ համադրողական կազմաւորում Arien Art Projects՝ իր առաջին՝ «Ներքին Բնապատկերներ» ցուցահանդէսով Հայաստանէն չորս կին արուեստագէտներ կը հաւաքէ Պոլսոյ մէջ։ Բարռեսիաբար սիւնակի մեր հեղինակներէն Մերի Թեք Տէմիրի համադրողութեամբ իրականացող ցուցահանդէսը Աննա Աննուկ Սողոմոնեանի, Մարիամ Կալստեանի, Աննա Կրճացեանի եւ Էմմա Թումանեանի գործերը 28 Նոյեմբերէն սկսեալ Berze Gallery-ի մէջ հանդիսատեսին պիտի ներկայանան։
Այս առթիւ Մերի Թեք Տէմիրէն «Ներքին Բնապատկերներ» ցուցահանդէսի մասին հակիրճ տեղեկութիւններ ստացանք։
«Ցուցահանդէսին մէջ Հայաստանէն չորս ճանչցուած ժամանակակից նկարչուհիներու շուրջ երեսուն գործեր կը ներկայացուին։ Իւղաներկով, ակրիլիկով եւ կոլաժի թեխնիքով ստեղծուած այս գործերուն մէջ կը տեսնենք դիմանկարներէն մինչեւ բնապատկերներ, պատկերային արտայայտութիւններէն մինչեւ վերացարկումներ ձգուող տարբեր մօտեցումներ։ «Ներքին Բնապատկերներ» ցուցահանդէսով ուզեցի բնապատկերը միայն արտաքին աշխարհին մէջ տեսնուող պատկեր մը չնկատել, այլ զայն դիտել որպէս յիշողութեան, զգացումներու եւ անձնական փորձառութիւններու արտացոլում»։
Ցուցահանդէսը արուեստասէրերուն պիտի ներկայանայ մինչեւ 6 Դեկտեմբեր։



