2025-ին ՀՀ քաղաքացիութիւն ստանալու դիմումներու թիւը գերազանցած է 32 հազարը։ Այս պատմական առաւելագոյն ցուցանիշ է, որ պայմանաւորուած է քաղաքացիութիւնը բացառապէս ճամբորդական փաստաթուղթ ձեռք բերելու նպատակով օգտագործելով։ Այս մասին Օգոստոսի 14-ին ասուլիսի ժամանակ յայտարարած է Ներքին Գործոց նախարարի տեղակալի պաշտօնակատար Արմէն Ղազարեանը։
Ղազարեանի խօսքով՝ դիմումներու այս կտրուկ աճը, որ նախորդ երկու տարիներուն կազմած էր աւելի քան 20 հազար, իսկ մինչ այդ՝ միջինը 7-8 հազար, ուղղակիօրէն կապուած է Ուկրաինոյ սկսուած ռազմական գործողութիւններու եւ Ռուսաստանի քաղաքացիներու նկատմամբ կիրառուած ճամբորդական սահմանափակումներու հետ։
Ան ընդգծած է, որ ազգութեամբ հայերու համար Հայաստանի քաղաքացիութիւն ձեռք բերելու պետական պահանջները գործնականին զէրոյական են և չնայած հնարաւոր վարչարարական ու թղթային որոշ բարդութիւններուն, պետութիւնը փաստացի որևէ խիստ պահանջ չ՚առաջադրեր։
Անդրադառնալով քաղաքացիութեան ինստիտուտի արժեւորման՝ փոխնախարարի պաշտօնակատարը նշած է, որ այս խնդիրը, որ արտացոլուած է նաեւ Եւրոպական Միութեան հետ վիզաներու ազատականացման գործողութիւններու ծրագրին, նոր չէ եւ յառաջիկային կը հասցէագրուի համապատասխան օրէնսդրական փոփոխութիւններու նախագիծով։
Ղազարեան անդրադարձած է նաեւ քաղաքացիութեան դադարեցման եւ վերականգնման գործող կարգին՝ այն որակելով ոչ տրամաբանական։ Մասնաւորապէս, ան մտահոգութիւն յայտնած է, որ քաղաքացիութիւնը կամովին դադարեցուցած անձը հնարաւորութիւն ունի կարճ ժամանակ անց կրկին դիմել ան վերականգնելու համար։
Բացի այդ, ան առանձնացուցած է անչափահասներու, յատկապէս արական սեռի երախաներու քաղաքացիութեան դադարեցման հարցը ծնողներու որոշմամբ՝ ընդգծելով, որ այս ինստիտուտի շուրջ հանրային անկեղծ քննարկման եւ լուծումներու անհրաժեշտութիւն կայ։



