ՀՀՍփիւռքի Գործերու գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած ժողովը ունի երկամեայ հերթականութիւն։ Արդարեւ այս բնոյթի առաջին մէկտեղումը տեղի ունեցած էր Հոկտեմբեր 28-31, 2022 թուականին, որուն մասնակցած էին աւելի քան 50 երկիրներէ ժամանած 700-է աւելի հասարակական գործիչներ, ակադեմականներ, մասնագէտներ։
Երկրորդ հանդիպումին, որ կայացած էր 17-20 Սեպտեմբեր 2024 թուականին, մասնակցած երկիրներու թիւը գերազանցած էր 60-ը եւ մասնակցողներն ալ աւելի քան 1000։ Այս տարուայ համար կը նախատեսուի 800 մասնակիցներ, աշխարհի զանազան երկիրներէն։
Եռօրեայ հանդիպումներու ընթացքին կը քննարկուին տարածաշրջանային նոր իրողութիւնները եւ առաջնահերթութիւնները, գործարարութեան եւ ներդրումներու համագործակցութեան միջոցները, սփիւռքի ներուժի համախմբումը, հայկական մշակոյթի պահպանման ու զարգացման խնդիրները եւ այլ էական նիւթեր։



