Հայրենակցական միութիւնները լուսարձակի տակ
Մուսա լերան Վաքըֆգիւղի հայրենակցական միութիւնը այս տարի կը նշէ հիմնարկութեան 30-ամեակը։ Սոյն տարեդարձի ծիրէն ներս միութեան վարչութիւնը նախաձեռնած է ասուլիս մը, որ պիտի կայանայ 9 Յունուար ուրբաթ երեկոյ Ֆերիգիւղի եկեղեցւոյ Նազար Շիրինօղլու սրահին մէջ։
Ֆորումային ձեւաչափով ասուլիսին մասնակցութիւն կը բերեն հայրենակցական միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ հետաքրքիրներու լայն շրջանակ մը։
Բագրատ Էսդուգեանի ժողովավարութեամբ քննարկման նիւթ պիտի դառնան հայրենակցական միութիւններու հիմնադրման գետին պատրաստող պայմանները։ Խորհրդածութիւններ պիտի կատարուին իբրեւ հասարակական կազմակերպութիւն, հայրենակցական միութիւններու իրենց վերագրուած ակնկալութիւնները արդարացնելու մասին վարկածները։

Հայրենակցական միութիւնները ներկայացնելու գծով ճշդուած անուններ եղան Թադէոս Պեպեք, Ֆիքրի Չալըշ, Շուշան Եէնիճէ, Ֆերհատ Պաքըրճըօղլու, Թուրկայ Քափ, Նաիֆ Չալըշ, Էլիզապեթ Փէյնիրճի եւ Նազարէթ Էօզսահակեան։
Այժմէն կարելի է կանխատեսել թէ սոյն հաւաքոյթով զանազան կարծիքներու լոյսին տակ որոշ յստակացում մը պիտի գոյանայ հայրենակցական միութիւններու նշանակութեան մասին։ Կարեւոր է այդ յստակացումը, քանի որ հայրենակցական միութիւններ հասկացողութիւնը համեմատաբար նորութիւն մըն է պոլսահայ ընկերային կեանքի մէջ եւ նոյնիսկ անոնց յայտնութիւնը որոշ շրջանակի մը կողմէ, իբրեւ սպառնալիք դիտուեցաւ համայնքի միասնութեան դէմ։

