Հալէպի մէջ պայթում
Հալէպի հայաբնակ թաղամասերու մէջ վնասներ արձանագրուած են
Հալէպի ռազմական գործողութիւններու գրասենեակը այսօր, մինչեւ ժամը 13։00 առիթ տուաւ Շէյխ Մաքսուտի եւ Աշրաֆիէի բնակչութեան դուրս գալու իրենց շրջաններէն, ապահովական նկատառումներով։
Հինգշաբթի, 8 Յունուարի վաղ առաւօտեան, Հալէպի մէջ տեղի ունեցող բախումներուն հետեւանքովՇէյխ Թահա եւ Վիլլաներ հայաբնակ շրջանները հրասանդերու պայթումով նիւթական վնասներարձանագրուած են։
Վիրաւորներ չկան, վնասները միայն նիւթական են։
Ներկայիս Հալէպի մէջ զգուշաւոր հանդարտութիւն կը տիրէ։ Մերթ ընդ մերթ կրակոցներու ձայներ կըլսուին։ Սննդամթերմի վաճառատուները, փուռերն ու հիւանդանոց-դարմանատուները բաց են։
Հալէպի ռազմական գործողութիւններու գրասենեակը այսօր, մինչեւ ժամը 13։00 առիթ տուաւ Շէյխ Մաքսուտի եւ Աշրաֆիէի բնակչութեան դուրս գալու իրենց շրջաններէն, ապահովական նկատառումներով։
Գանձասար

