Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը 10 Մարտ 2026, Երեքշաբթի, մասնակցութիւն բերաւ Թուրքիոյ Հանրապետութեան Նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի, Անգարայի Նախագահական համալիրին մէջ սարքած իֆթարի սեղանին՝ ուղեկցութեամբ Արժ. Տ. Թէոդիկ Քհնյ. Չեթինքայայի։
Ներկաներու շարքին էին հոգեւոր պետեր եւ համայնքներու ներկայացուցիչներ եւ այլ հիւրեր։
Երեկոյթի ընթացքին Հանրապետութեան Նախագահը իր ուրախութիւնը յայտնեց Նորին Ամենապատուութեան մասնակցութեան համար։



