«Հանդիպում» փառատօնը երկրորդ անգամ կը բանայ իր դռները
Փառատօնը այս Կիրակի օր սկսաւ պարով եւ պիտի շարունակուի ամբողջ Մարտ ամսուան ընդացքին։ «Հանդիպում»ը համերգներէ աշխատանոցներ, ցուցահանդէսներէ ֆիլմի ցուցադրութիւններ եւ զրոյցներ, շուրջ 50 ձեռնարկէ կը բաղկանայ։

Փառատօնը կ՚ուզէ հասնիլ թէ՛ հայ համայնքին եւ թէ՛ բոլոր հետաքրքրասէրներուն, նպատակ ունենալով համախմբուիլ ապրող ու կենսունակ Արեւմտահայերէն լեզուին շուրջ։ Փառատօնի առանցքը կազմող կրթական եւ լեզուական աշխատանքները այս տարի եւս պիտի հանդիպին հայկական վարժարաններու աշակերտներուն հետ։
Փառատօնի ծիրէն ներս պատրաստուած Meydan-ը խորագրեալ ցուցահանդէսը 3-28 Մարտի միջեւ Depo-ի մէջ կը սպասէ արուեստասէրներուն։