Խմբագրատուն կատարուած ամէն այցելութիւն ուրախութեան առիթ մըն է թերթի աշխատակազմին համար։
Երբեմն ընթերցողներ են այցելութեան եկողները, որոնք կը հետեւին թերթի գրութիւններուն ու երբ առիթ մը յայտնուի կ՚ուզեն անձամբ ծանօթանալ աշխատակզմին հետ։ Երբեմն ալ պատկերացում մը չունին եւ պարզապէս Պոլսոյ հայկական երեսակը յայտնաբերելու համար կ՚այցելեն քաղաքի թերթերու խմբագրատուները։
Այդ այցելութիւններու ընթացքին հիւրերը հետաքրքրուած կ՚ըլլան թէ՛ թերթի ամենօրեայ հոգսերով եւ թէ համայնքը յուզող խնդիրներով։ Փոխադարձաբար մենք ալ կը հարցնենք իրենց եկած քաղաքներուն պայմաններու մասին։
4 Օգոստոսի յետմիջօրէին նման բնոյթով խումբ մը այցելեց մեզ, նախապէս ճշդուած ժամադրութեան մը հիման վրայ։ Մեզի համար այս այցելութիւնը ալ աւելի տպաւորիչ դարձնողը անոնց եկած քաղաքն էր։ Հալէպէն էին մեր հիւրերը։ Պէյրութի հետ միասին Միջին Արեւելքի կարեւորագոյն համայնքը կը ներկայացնէին եւ այդ պատճառաւ իսկ յատուկ յուզում յառաջացուցին մեր մօտ։ Իրենց հետաքրքրութիւնները որոշ չափով գոհացնելէ ետք «Ակօս»ի խմբագրապետ Եդուարդ Տանձիկեան, հայերէն էջերու խմբագիր Բագրատ Էսդուգեան եւ ինք եւս սուրիահայ, «Ակօս»ի բազմամեայ լուսանկարիչ Պերճ Արապեան հարցումներու տարափի տակ դրին իրենց հիւրերը։
Այս անգամ ակօսականները կ՚ուզէին իմանալ քաղաքացիական պատերազմով ծանր տուժած, բնակչութեան կէսէն աւելին կորսնցուցած հալէպահայերու ներկայ պայմաններում մասին։
Ուրախութեամբ վերահասու եղանք թէ հալէպահայ կեանքը վերագտած է իր բնական ընթացքը։ Հոսանքի, կազի եւ այլ կենսական նիւթերու մատակարարումը մեծաւ մասամբ ապահովուած է։ Անվտանգութեան խնդիրներ ընդհանրապէս չունին։ Մնացեալը քաղաքացիական պատերազմի բերմամբ ծանրապէս ճնշուած երկրի մը վերականգումն է, որ ժամանակի կը կարօտի ինչպէս ամենուրէք, Սուրիոյ մէջ եւս։
Միւս կողմէ մեր հիւրերը բաւականին տպաւորուած էին Պոլսոյ այցելութենէն։ Անոնք առիթը ունեցած էին տեսնել, Սուրբ Սոֆիայի Տաճարը, նաւապտոյտ կատարել Վոսփորի երկայնքով, այցելած էին Պատրիարքարան եւ «Ակօս»է ետք ալ մտադիր էին 23,5 Հրանդ Տինք Յիշողութեան Վայր այցելելու։
Համարեա բոլորին համար առաջին այցելութեան բնոյթ ունեցող շրջագայութիւնը իրենց մօտ եւս յառաջացուցած էր խոր տպաւորութիւններ։
Նման հանդիպումները ինքնաբերաբար կը յուշեն նոր հարցադրումներ։ Ինչպէս կ՚ըլլայ թէ իրարու այսքան հարազատ սփիւռքի բեկորներ, այսքան անտեղեակ եւ անհաղորդ մնացած ըլլան իրարու հանդէպ։ Այս այցելութիւնը այդ անհաղորդ մնալու երեւոյթը վերացնող բնոյթով խիստ շահեկան էր թէ՛ մեզ ակօսականներուս եւ թէ մեր հիւրերուն համար։



