Իւրաքանչիւր ուսումնասիրութիւն կամ պրպտում հրատարակուելով առիթ կը ստեղծէ նոր յայտնութիւններու։ Այդպէս եղաւ նաեւ Գէորգ Պիւյիւքյակոբեանի երկհատորանի ուսումնասիրութեան «Փարոս»ի մատենաշարէն հրատարակութիւնը։
Պիւյիւքյակոբեան այս ծաւալուն աշխատութեան մէջ նիւթ ունեցած էր Օսմանեան կայսրութեան տարածքի հայկական վարժարաններու պատմութիւնը։ Վիճակագրական տեղեկութիւններով հարուստ այս աշխատանքի մէջ նշուածներէն մէկն ալ Սեբաստիոյ երբեմնի Արամեան Վարժարանն էր։
Գիրքը պատրաստուած էր Միացեալ Նահանգներու մէջ եւ հրատարակուած Պոլիս։ Ինք եւս Լոս Անճէլըսաբնակ նախկին պոլսահայ, արմատներով ու ծնունդով սեբաստացի Արթին Քորքոր ծանօթանալով այդ բովանդակութեան, յիշած էր իր մօրենական կողմէ մեծ հօր Վահան Մամբրէեանի շարադրութեան տետրակը, որ ի պահ մնացած է իր մօտ։ Կիսած է այս փաստագրական նմոյշը հանրածանօթ Հանրիէթ Պասօղլու Թոփուզեանի հետ։
Այսպէս սկսաւ նոր յայտնութիւն մը, որ Եսայեան Մշակոյթի եւ Գրականութեան Միութեան «Հանդիպում» փառատօնի միջոցառումներու շարքին հասաւ հետաքրքիր լսարանի մը ուշադրութեան։
Իբրեւ բեմադրութեան կանոն օրուայ ատենախօսն էր Հանրիէթ Պասօղլու Թոփուզեան, ժողովավարի պաշտօնով ալ Մարալ Ֆուքս իր հարցումներով ուղղութիւն տուաւ զրոյցին։ Տիկին Հանրիէթ դիտել տուաւ իրեն հասած տետրակի հեղինակին նախ տարիքը, որ հազիւ 12 էր, յետոյ ուսման մակարդակը, որ կը զուգադիպէր նախակրթարանի Գ. դասարանին, ապա լսարանին ուշադրութիւնը հրաւիրեց նկատելու անոր բառապաշարը, անթերի ուղղագրութիւնը եւ գեղագրութիւնը։ Յատկանիշներ՝ որոնք կ՚երաշխաւորէին 1908 տարեթիւի հայ վարժարանի ուսման մակարդակը։ Ան ափսոսանքով բաղդատութիւն մը ըրաւ նախորդ դարասկզբի եւ ներկայի հայերէնի ուսուցման միջեւ գոյացած մեծ անդունդին։
Իր համեստութեան մէջ այդ 14 էջանի «Շարադրութիւն մաքուրի» խորագրեալ տետրակը նիւթերու պարզութեան հետ անհամեմատելի լրջութեամբ տեղեկութիւն կը փոխանցէր մէկ դար առաջուայ Սեբաստիոյ հասարակական կենցաղէն։
«Մեր տունը», «Մեր դպրոցը», «Մեր եկեղեցին», «Շուկան» ու նման խորագիրներու տակ 12-ամեայ պատանին կը բնութագրէր զինք շրջապատող ընկերային միջավայրը, որ այսօր իսկ պիտի դժուարանանք պատկերացնել։
Պատումի ընթացքին ծանօթացանք նաեւ Սեբաստիոյ կեդրոնական եկեղեցւոյ փլուզման մանրամասնութիւններուն։ 1949 թուի Յունիս ամիսն է, ուր քաղաքի իշխանութիւնները եկեղեցւոյ շէնքի անկայունութիւնը պատրուակելով կը որոշեն փլել։ Եկուր տես որ այդ փլուզումը չեն յաջողիր սովորական քանդումի եղանակներով եւ կը հարկադրուին տինամիթի նման պայթուցիկ սարքեր օգտագործելով փլել տաճարը։ Վահան Մամբրէեան ականատես կ՚ըլլայ այդ փլուզման եւ իր շարադրութեան տետրակին մէջ կ՚ընդօրինակէ եկեղեցւոյ յիշատակարանը, որ դրուած էր մայր դրան վրայ։
«Ինչե՞ր կը պատմէ տետրակ մը» խորագիրը բոլորովին կը ցոլացնէր այս միջոցառման բնոյթը, քանի որ անսպասելի կերպով իւրաքանչիւր էջ իր հետ կը բանար մտածելու, խորհրդածելու նոր դաշտ մը։
200 նստարաններու տարողութիւնով Նարեկեան սրահը հազիւ կիսով լեցուն էր այդ օր, որ կազմակերպիչներու համար կը թուէր մեծ յաջողութիւն, նկատի ունենալով նախորդ տարուայ նման բնոյթի հաւաքոյթները, որոնք շատ աւելի նուազ ուշադրութեան արժանացած էին։
Յաջորդ օր նոյն Նարեկեան սրահին մէջ այս անգամ Նարէ Տինք եւ Նայիրի Պիւյիւքսիմքեշեան հարցումներ ուղղեցին Միհրան Շիկահեր, Թագուհի Թովմասեան, Արթուն Կեպենլիօղլու, Յակոբ Կոպելեան, Լեռնա Գարագիւթիւք եւ Բագրատ Էսդուգեանին, «Ըլլալ հայ հեղինակ» ընդհանուր խորագրին ներքեւ։
Այս նիստին դարձեալ օրակարգի եկաւ լեզուամտածողութեան խնդիրը, որ պիտի բնորոշէր հեղինակի արտայայտութեան եղանակը։ Արդարեւ մասնակցող հեղինակներէն շատեր իրենց ստեղծագործութիւնները շարադրած են տեղական լեզուով։
Երեւոյթ մը՝ որ ի զօրու է Ուիլեամ Սարոյեանի կամ Ճինկիզ Այթմաթովի նման աշխարահռչակ հեղինակներու համար։ Անոնք անգլերէն կամ ռուսերէն լեզուներով պատմեցին իրենց ժողովուրդներու ամենահարազատ պատմութիւնները։ Կասկած չկայ որ այդ եղանակով շատ աւելի լուրջ նպաստ բերին իրենց ազգային գրականութեան՝ քան թէ գրած ըլլային հայերէն կամ խըրկըզերէնով։
Երրորդ օրն է, Մարտի 15-ը եւ կիրակի։ Կրկին բռնած ենք Նարեկեան սրահի ճամբան։ Այս անգամ կարճատեւ ընդհատում մըն է մեզի համար եւ դուրս եկած ենք Հանդիպում փառատօնի խճողումէն։
«Երգ սիրեցէք կեանքի բոլոր վայելքներից աւելի։ Երգն է բուժիչ բալասանը անդնդախոր վէրքերի»։ Մէկ կողմէ Կոմիտաս վարդապետի այս կանչին, միւս կողմէ մեր սիրելի ընկերուհու կարօտին հետեւելով կը հասնինք Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցի։ Սիրելի Իլտա Սիմոնեանը ժամանած է բնակութիւն հաստատած Հոլլանտիայէն եւ այս երեկոյ բախտաւորուած ենք զինք լսելու հաճոյքով։
Այս յատուկ միջոցառման կազմակերպիչն է Սեւան Աթաօղլու, որ բարի գալստեան հակիրճ ելոյթէ մը ետք բեմը կը յանձնէ մեներգչուհիին։
Իլտա Սիմոնեան ինչպէս սովորաբար կ՚ընէ, իր մենահամերգին սկսաւ Կոմիտասեան երգացանկով մը։ Շարունակութիւնը եկաւ Խաչատուր Աւետիսեանի Օրաթորիոյէն ընտրուած երեք գործերով, շարունակուեցաւ Ալեքսէյ Հեքիմեանի եւ վերջապէս Էտկար Յովհաննէսեանի հանրածանօթ ստեղծագործութիւնով՝ «Երեւան Երեբունի»ով։
Իլտա Սիմոնեան կը սիրէ երգերու արանքին երկխօսութիւն հաստատել ունկնդրի հետ։ Այդպէս համերգի տեւողութեան յիշուեցաւ Սայաթ Նովա երգչախումբի հերթական փորձերէն ետք Մելիք Կավրիլոֆի դաշնամուրի ընկերակցութեամբ կատարուած երգեցողութիւնները, որոնք խորապէս կը տպաւորէին այդ պահուն հոն գտնուողները։ Իլտա Սիմոնեան այս վերյիշումը ընդգծելով ներկաները հրաւիրեց միասնաբար երգելու արդէն բոլորին ծանօթ օրինակները։ Յիշատակներ փոխանցեց Յովհաննէս Պատալեանի իսթանպուլեան համերգներէն եւ այս բոլորով յաջողեցաւ ջերմ մթնոլորտ մը գոյացնել բեմի եւ դահլիճի միջեւ։
Բոլոր այս կատարումներու ընթացքին երգչուհի Իլտա Սիմոնեանին դաշնամուրով կ՚ընկերակցէր Աննա Գէորգեան Ուղուրլուեանը, որ առանձին նմոյշ մըն ալ ներկայացուց Արամ Խաչատրեանի «Գայանէ» պալէէն, «Օրօրոցային»ը նուագելով։
Երգ ու երաժշտութիւնով յագեցած այս համերգէն ետք «Հանդիպում» փառատօնը կը շարունակուի արեւմտահայերէնի ձօնուած նոր միջոցառումով մը, այս անգամ 16 Մարտ երկուշաբթի երեկոյ Սուրբ Խաչ Դպրեվանքի երդիքին տակ։
Այս անգամ արեւմտահայերէնը ներկայացաւ իր բարբառներով։
Նարօտ Էրքոլի ժողովավարութեամբ Մահիր Էօզքան համշէնի, Սեդա Էսդուգեան Մուսա Լերան եւ Պեսսէ Քապաք Սասնա բարբառներուն մասին թէ խօսակցական օրինակներ թուեցին եւ թէ նկարագրեցին այդ բարբառներու իւրայատկութիւնները եւ ապրած փոխադարձ ազդեցութիւնները։ Իսկ Նատիա Եարըճըեան ստանձնած էր պոլսոյ խօսակցական լեզուն ներկայացնել։ Ուշագրաւ էր թէ ատենախօսները փորձեցին զեկուցել հիմնականին իրենց բարբառներով։ Մերթ ընդ մերթ զգացին թէ լսարանը պիտի ունենայ ընկալման դժուարութիւն, այդ պարագային ալ փորձեցին պարզաբանող բացատրութիւններով հասկնալի դարձնել իրենց խօսքը։ Իր եզակիութեան մէջ խիստ հետաքրքրական այս միջոցառումը կու գայ փայլը աւելցնելու Եսայեան Մշակոյթի եւ Գրականութեան Միութեան «Հանդիպում» փառատօնին, անոր շնորհելով ակադեմական մակարդակ մը։
Փառատօնը կը շարունակուի բազմաբնոյթ զանազան միջոցառումներով, որոնց եւս կ՚անդրադառնանք «Ակօս»ի յառաջիկայ թիւերուն։




