Սոյն տարուայ ուսման տարեշրջանի վերամուտը եղաւ բաւականին փոթորկոտ։ Արդէն յիշողութիւններու մէջ թարմ էր նախորդ տարուայ որոշ բռնութեան դէպքեր, որոնք պատահած էին դպրոցներէ ներս եւ թէ աշակերտական եւ թէ ուսուցչական կեանքի կորուստներու պատճառ դարձած։
Բնականաբար հասարակութեան մօտ լայն արձագանգ գտած նման պատահարները իր հետ բերած էին բազմաբնոյթ մեկնաբանութիւններ։ Ոմանք կը մեղադրէին դպրոցներու վարիչները, որոնք անհրաժեշտ կանխամիջոցներ չէին ապահոված։ Իսկ ինչե՞ր են այդ կանխամիջոցները։ Այս պահուն առաջարկուած եղանակներէն ոմանք խիստ կը հակասեն դպրոց կոչուած կառոյցի ընկալումին։ Օրինակի համար շատեր կը պահանջէին թէ իւրաքանչիւր աշակերտ նախքան դպրոց մտնել, խուզարկուի պաշտօնեայի մը կողմէ։ Այդ առաջարկողներու միտքովն իսկ չէր անցներ թէ նման կանխամիջոցը յաղթահարելու համար միշտ կարելի է գտնել այլ եղանակներ։ Վերջապէս «անվտանգութիւն» կոչուածը գործադրելու համար անհրաժեշտ է ամբողջ համակարգը վտանգել, դպրոցը վերածելով արգելանոցի։
Վերջին օրինակին մէջ դէպքի դրդապատճառը իր հասակակիցներու մէջ ինքզինք մեկուսացուած զգացող աղջնակի մը վրիժառութիւնն է հասարակութենէն։ Ուրեմն խնդիրը կրկին ունի ընկերային ծալքեր, որոնց համար բոլոր երկիրը կարօտ է յատուկ դարմանումի։
6 Հոկտեմբեր, երեքշաբթի օր, Պաշաքշեհիրի լիսէի մը աշակերտուհի, 2011-ին ծնած Ֆ.Մ.-ն, իր բնակած Գայապաշը թաղամասի միջնակարգ դպրոցներէն մէկուն եկած եւ իր հետ բերած դանակով դպրոցի բակին մէջ աշակերտներուն վրայ յարձակած էր։ Յարձակումի հետեւանքով մէկ աշակերտ կեանքը կորսնցուցած, եօթը աշակերտ ալ վիրաւորուած էին։
Դէպքէն ետք բժշկական խումբերու կողմէ Պաշագշեհիրի Չամ եւ Սաքուրա Հիւանդանոց փոխադրուած աշակերտներէն 2-ը, բուժման աւարտին դուրս եկան։
Կը տեղեկացուի, թէ 5 աշակերտներու բուժումը հիւանդանոցին մէջ կը շարունակուի։
Յարձակումին մէջ կեանքը կորսնցուցած 10 տարեկան Էսլեմ Սարէ Պուլութի յուղարկաւորութիւնը կատարուեցաւ Պարթընի մէջ։



