Այսօր Ֆրանսայի մէջ հիմնական հարցումը փողոցներուն ե՛րբ հանդարտիլն է։ Երիտասարդներուն եւ ժողովուրդին պահանջները պիտի լսուի՞ն, թէ ոչ. պատահած բռնութիւնները պիտի վերածուի՞ն ընդդիմութեան օրինականութիւնը եւ ցոյցի իրաւունքը սահմանափակելու պատճառի։ Երրորդ վարկածը, արդեօք ծայրայեղ աջը պիտի ստեղծէ՞ քաղաքացիական պատերազմի մթնոլորտ։
Ֆրանսայի մէջ ուսուցիչ չունեցող դասարաններու, կրթութեան մէջ խտրականութեան, անհաւասարութեան եւ ապագայի մտահոգութեան դէմ սկսած երկրորդական վարժարաններու աշակերտներուն շարժումը՝ Հոկտեմբեր 17-ին վերածուեցաւ հարիւր հազարաւոր մարդոց մասնակցած բողոքի ցոյցի։ Հոկտեմբեր 19-էն ետք երկրին շատ մը քաղաքներուն մէջ սկսան մասնակի փողոց ելլելու արգելքներ։ Բռնութեան դէպքերուն պատասխանատուութեան շուրջ ընթացող քաղաքական վիճաբանութիւնը կը թիրախաւորէ ո՛չ միայն կառավարութեան, այլ նաեւ ընդդիմութեան օրինականութիւնը։
Ֆրանսայի մէջ Շաբաթ, Հոկտեմբեր 17-ին կազմակերպուած մեծ երթին մասնակցեցաւ 800 հազար մարդ։ Երկրի տարածքին 110 տարբեր ցոյցեր տեղի ունեցան։ Քանի մը շաբաթ առաջ աշակերտներուն պահանջներով սկսած բողոքի ցոյցերը այսօր արդէն դուրս եկած են կրթական ոլորտի սահմաններէն։ Կեանքի սղութիւնը, վառելիքի գիները, աշխատավարձերը, թոշակի իրաւունքները եւ հանրային ծառայութիւններու անկումը եւս աւելցած են շարժումին պահանջներուն։ Աշակերտներուն կողքին միացան բանուորական արհմիութիւններ, համալսարանականներ, ուսուցիչներ, առողջապահութեան ոլորտի աշխատողներ, թոշակառուներ եւ 2018-ին Ֆրանսան ցնցած Դեղին Բաճկոններու շարժումին ներկայացուցիչները։
Նահանգապետարանէն արտօնուած օրինական իրաւունք հանդիսացող երթին վրայ CRS-ի (ցոյցերը ճնշող ոստիկանական ուժեր) կիրարկած բռնութիւնը, 1961-ի Հոկտեմբեր 17-ին Ալճերիոյ անկախութեան համար կազմակերպուած արիւնալի ցոյցերէն ետք առաջին անգամ ըլլալով այս չափերուն հասած է, կ՚ըսեն առաջին սերունդի տարեց գաղթականներ։ Ոստիկանութիւնը ցուցարարներուն դէմ գործածեց պատերազմական զէնք համարուող սարքաւորումներ։ Valeurs actuelles-ի թղթակից Amaury Brelet-ի եւ անկախ լրատուական հարթակներու կողմէ ոստիկանական կառոյցէն սպրդած/ձեռք ձգուած տեղեկութիւններուն համաձայն՝ միայն Հոկտեմբեր 17-ի ընթացքին գործածուած է տարբեր տեսակի նռնակներ, մշուշ ստեղծող ռումբեր եւ այլ սարքեր։
Հոկտեմբեր 20-ին հրապարակուած հաշուեկշիռին համաձայն, Հոկտեմբեր 17-ի եւ 18-ի ընթացքին ձերբակալութիւններուն թիւը անցաւ 2.500-ը, մինչ 123 անձ բանտ ղրկուեցաւ։
Բայց հոս երկու տարբեր երեւոյթներ իրարու հետ չշփոթելու անհրաժեշտութիւնը կայ։ Հարիւր հազարաւոր մարդոց մասնակցած հասարակական բողոքը եւ ցոյցերուն աւարտին մօտ տեղի ունեցած կողոպուտն ու բռնութիւնը նոյն բանը չեն։
Աւելին, այդ բռնութեան դէպքերուն մասնակցողներուն քաղաքական ինքնութիւնն ու կազմակերպական կապերը տակաւին ամբողջութեամբ չեն լուսաբանուած։ Երթին ընթացքին աշակերտներուն եւ այլ մասնակիցներուն իրենց հեռաձայններով նկարահանած հարիւրաւոր տեսերիզներ ցոյց կու տան, որ քաղաքացիական հագուստով ոստիկաններ (մասնաւորապէս Յանցագործութեան դէմ պայքարի բրիգատէն՝ BAC, կամ շրջանային հետախուզութենէն ոստիկաններ) ներթափանցած են երթերուն մէջ, եւ որ այդ ոստիկանները սկսած ու մասնակցած են հրկիզումի եւ կողոպուտի գործողութիւններուն։ Խանութպաններ կը յայտնեն, թէ «ոստիկանները հրաման ստացած ըլլալնուն համար իրենց խանութները պաշտպանելու միջամտելէ մերժած են»։ Լիոնի երթին վրայ քանի մը տեսագրութիւններ կասկած կը յառաջացնեն, թէ երեք օր առաջուան կողոպուտները կազմակերպուած են ծայրայեղ աջին կողմէ։ Յամառ պահանջներուն հակառակ, կառավարութիւնը այս մասին տակաւին յայտարարութիւն մը չըրաւ։
Վարչապետ Սեպասթիէն Լըքորնիւ, Հոկտեմբեր 19-ին՝ Երկուշաբթի օր, բողոքի ցոյցերուն մէջ պատահած բռնութեան դէպքերէն ետք պնդեց, թէ «ծայրայեղ ձախ շարժումը» կ՚ուզէ «նախագահական ընտրութիւններուն հասնելու շրջանին երկրին մէջ մեծ խառնակութիւն յառաջացնել»։ Փարիզի գլխաւոր դատախազ Լոր Պեքիւ իր կարգին՝ TF1-ի ուղիղ եթերին մէջ այս յայտարարութիւններուն հանդէպ վերապահութիւններ յայտնեց եւ ըսաւ, թէ մինչեւ հիմա դատարաններուն առջեւ կանգնած անձերուն «ծայրայեղ ձախ շարժումին» հետ կապ մը չէ հաստատուած։ Այս յայտարարութիւնը ցոյց տուաւ, որ իշխանութեան՝ պատասխանատուութիւնը որոշ խումբերու վերագրող յայտարարութիւններուն եւ դատական մարմիններուն առջեւ եկած իրողութիւններուն միջեւ շատ կարեւոր տարբերութիւն կայ։
Փողոց ելլելու արգելքներ
Հոկտեմբեր 17-էն երկու օր ետք վարչապետ Լըքորնիւ նահանգապետարաններէն խնդրեց, որ բռնութիւններ եւ կողոպուտներ պատահած շրջաններուն մէջ մասնակի փողոց ելլելու արգելքներ գործադրեն։ Կ՚ըսուի թէ այս խնդրանքին գլխաւոր պատճառներէն մէկը երկրին հինգ խոշորագոյն բանուորական արհմիութիւններուն (CFDT, CGT, FO, UNSA եւ FSU) կոչով 2026-ի Նոյեմբեր 5-ին կազմակերպուելիք երթի եւ ցոյցի ալիքին առջեւն առնելն է,
Փարիզի մէջ Հանրապետութեան հրապարակին եւ Լէ Ալլի շրջակայ որոշ փողոցներուն մէջ, գիշերուան ժամը 23.00-էն մինչեւ առաւօտեան ժամը 06.00, փողոց ելլելը արգիլուեցաւ։ Էլիզէի պալատին, Ազգային ժողովին, Ծերակոյտին, Ներքին գործոց նախարարութեան եւ քանի մը մեծ կայարաններուն շրջակայքը ցոյցի եւ հաւաքի արգելքներ սահմանուեցան։
Լիոնի կեդրոնի Պելքուր հրապարակին մէջ, կողոպուտներէն վնասուած առեւտրականներուն եւ անվտանգութեան ուժերուն օժանդակելու նպատակով հաւաք մը կազմակերպուեցաւ։ Սկիզբը ոչ քաղաքական համարուած այս հաւաքին ծայրայեղ աջակողմեան խումբեր մասնակցեցան։ Երթի ընթացքին գաղթականներու եւ մուսուլմաններու դէմ կարգախօսներ արտասանուեցան, եւ Քելթական խաչ կրող դրօշ մը բացուեցաւ։
Շրջանին մէջ ցոյցի եւ փողոց ելլելու արգելքին հակառակ տեղի ունեցած երթը՝ օրակարգ բերաւ հարցը, թէ անվտանգութեան միջոցառումները որո՞ւ դէմ եւ ինչպէ՞ս կը կիրարկուին։ Հասարակական լարուածութեան բարձրացած շրջանի մը մէջ, ծայրայեղ աջին փողոցին մէջ կազմակերպուած կերպով տեսանելի դառնալը հակազդեցութիւններու պատճառ դարձաւ։
Ֆրանսայի մէջ բողոքի ցոյցերը այլեւս քաղաքական վիճաբանութիւններու վերածուեցան։
17-ի եւ 18 Հոկտեմբերի դէպքերէն ետք, Ծերակոյտի Իրաւաբանական յանձնաժողովն ալ որոշեց կուսակցութիւններու միջեւ քննութիւն մը սկսիլ՝ անվտանգութեան միջոցառումներուն պատրաստութեան, ոստիկանական միջամտութիւններուն եւ քաղաքական-վարչական պատասխանատւութիւններուն քննութեան համար։
Իշխանութիւնը կ՚ուզէ անվտանգութեան պնդումները առաջ բերելով ստուէրի մէջ թողուլ բողոքներու իրական պատճառները։ Բռնութենէն օգտուողը ո՞վ է։ Անվտանգութեան խօսոյթը ո՞ր քաղաքական դերակատարներուն ձեռքը կը զօրացնէ, ո՞ր ժողովրդավարական իրաւունքներուն սահմանափակումը կ՚օրինականացնէ։




