Յիշատակում՝ Էրոլ Պաքըրճըօղլուի
Էրոլ Պաքըրճըօղլու մահուան Բ. Տարելիցի առթիւ յիշատակուեցաւ իր բնակած Իզմիր քաղաքի մէջ։ Յիշատակման առանցքը կազմեց կողակցին ջանքերով հրատարակուած հատորի ծանօթացումը։
Էրոլ Պաքըրճըօղլու մահուան Բ. Տարելիցի առթիւ յիշատակուեցաւ իր բնակած Իզմիր քաղաքի մէջ։ Յիշատակման առանցքը կազմեց կողակցին ջանքերով հրատարակուած հատորի ծանօթացումը։ Սոյն հատորը իմի կը բերէր Էրոլ Պաքըրճըօղլուի յօդուածները եւ յետ մահու իր մասին գրուած յիշատակարանները։
Այս առթիւ սրտի խօսք արտասանեց դուստրը՝ Տիլարա Պաքըրճըօղլու, յիշատակներ փոխանցելով հօրը իր կազմութեան վրայ թողած ազդեցութենէն։
Ելոյթ ունեցան Եգէական Համալսարանի դասախօսներէն Փրոֆ. Զէրրին Քուրթօղլու Շահին եւ ասորիներու ցեղասպանութեան ուսումնասիրութիւններով ծանօթ Զէյնեփ Թոզտուման։

