2024-ի կարեւոր կորուստներէն մէկն էր Նազար Պիւյիւմ, երբեմնի «Ատամ» հրատարակչատան հիմնադիր, բազմաթիւ հանրագիտարաններու հրատարակիչ եւ «Ակօս»ի սիւնակագիրը։
17 Դեկտեմբերին Նազար Պիւյիւմի վաստակը յիշատակուեցաւ Անարատ Յղութիւն շէնքի «Հաւաք» սրահին մէջ կայացող յատուկ միջոցառումով մը։
Օրուան ատենախօսներն էին Սեւենկիւլ Սէօնմեզ, Թուրկայ Ֆիշեքչի եւ Ռոպէր Քոփթաշ։
Անոնք իրենց ելոյթներով փառաբանեցին Նազար Պիւյիւմի ներդրումը հրատարակչական ոլորտին եւ մտաւորականի յատուկ պաշարն ու գրելու ունակութիւնը։

