Յիշատակում՝ Եդուարդ Թովմասեանի եւ Նազար Պիւյիւմի
Սուրբ Խաչ Դպրեվանքի երկու արժանաւոր սաներ Եդուարդ Թովմասեան եւ Նազար Պիւյիւմ կը յիշատակուին յատուկ միջոցառումներով։
Եդուարդ Թովմասեան 14 Դեկտեմբեր կիրակի օր նախ Գուրուչեշմէ Երեւման Սուրբ Խաչ Եկեղեցւոյ մէջ հոգեհանգստեան Պատարագով եւ ապա Պալըքլըի գերեզմանատան մէջ շիրիմի այցելութեամբ պիտի յիշատակուի մահուան Ա. տարելիցի առիթով։ պատարագի բազմաձայն երգեցողութիւնը պիտի կատարէ Սայաթ Նովա Երգչախումբը։

Միւս կողմէ 17 Դեկտեմբերին, այս անգամ Անարատ Յղութիւն շէնքի «Հաւաք» սրահին մէջ պիտի յիշատակուի մի այլ դպրեվանքցի՝ Նազար Պիւյիւմ։
Ուշագրաւ է որ թէ՛ Թովմասեան եւ թէ Պիւյիւմ մասնագիտացած էին հրատարակչական ասպարէզին մէջ։
Թովմասեան հիմնադիրը եղած էր «Արաս» հրատարակչատան, որ աւելի քան 30 տարիներու գործունէութեան մէջ մեծ նպաստ ունեցաւ հայ գրականութեան թրքերէն ընթերցողներու շրջանակէն ներս տեսանելի ըլլալու առումով։
Նման առաքելութիւն վիճակեցաւ Նազար Պիւյիւմին, որ իր հիմնած «Ատամ» հրատարակչատունով բազում գիրքեր լոյս ընծայեց, յատկապէս ժամանակակից հեղինակներու գործերէն։
Պիւյիւմի համար նախատեսուած յիշատակման միջոցառման իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն Սեւենկիւլ Սէօնմեզ, Թուրկայ Ֆիշեքչի եւ Ռոպէր Քոփթաշ։ Անոնք պիտի փորձեն Նազար Պիւյիւմի գրական եւ մշակոյթի ներդրումը նկարագրել, իսկ բանաստեղծ եւ թարգմանիչ Ճեվաթ Չափան ալ վիտէօ նկարահանումով մը յուշեր պիտի փոխանցէ մեծ մտաւորականի հետ ունեցած ապրումներէն։
«Ոմանք» խումբի անդամներ Արի Հերկել եւ Լարա Նարին ալ երաժշտական կատարումով պիտի մասնակցին միջոցառման։

