Պոլիս նոր նախաձեռնութիւն՝
«Յոյս» պաշտօնապէս կեանքի կոչուած
Յատուկ խնամքի կարօտ մանուկներու, պատանիներու եւ չափահասներու աջակցելու միտումով հիմնուած «Յոյս» Միութիւնը 6 Փետրուար ուրբաթ օր պաշտօնապէս կատարեց իր բացումը։
Յատուկ խնամքի կարօտ մանուկներու, պատանիներու եւ չափահասներու աջակցելու միտումով հիմնուած «Յոյս» Միութիւնը 6 Փետրուար ուրբաթ օր պաշտօնապէս կատարեց իր բացումը։
Թոքաթլըեան խանի մէջ գտնուող նորակազմ միութեան բացման ներկայ գտնուեցան Թուրքիոյ Հայոց Պատրիրաք Սահակ Բ. Մաշալեան, Արամ Արք. Աթէշեան, միութեան վարչայիններ եւ հրաւիրեալներ։
Պատրիրաք Սրբազանը ողջունեց նոր նախաձեռնութիւնը՝ նշելով որ ան կեանքի կը կոչուի Զիպէչի առաքելութիւնը շարունակելու հեռանկարով։ Ապա ընդունելութիւն տեղի ունեցաւ Սուրբ Երրորդութիւն Եկեղեցւոյ Նարեկեան սրահին մէջ։

