Թուրքիոյ քաղաքական դաշտի ամենափխրուն նիւթերէն մէկն է քրտական ապստամբութեան դէմ զինադադարի գործընթացը։
Ինչպէս պիտի յիշուի նիւթը առաջին արծարծողը եղած էր Ազգային Շարժում Կուսակցութեան պետ Տեվթել Պահչելին՝ յայտարարելով թէ ապստամբութեան պետ Ապտուլլահ Էօճալան պէտք է օգտուի յոյսի իրաւունքէն, պաշտօնազրկուած քաղաքապետներ Ահմետ Թիւրք եւ Ահմետ Էօզէր վերատիրանան իրենց պաշտօններուն եւ քաղբանտարկեալ Սելահատտին Տեմիրթաշ վերադառնայ տուն։
Անսպասելի այս ելոյթը բնականաբար ունեցաւ հետեւանքներ եւ Իմրալը Կղզիի մէջ Էօճալանի հետ բանակցութիւններէ ետք այս վերջինը հրապարակաւ յայտարարեց Քիւրտիստանի Բանուորական Կուսակցութեան լուծարկումը։
Յաջորդեց զինեալ կուսակցութեան իրենց զէնքերը ոչնչացնելու խորհրդանշական արարողութիւնը։
Այս բոլորին զուգահեռ Թուրքիոյ Խորհրդարանի կուսակցութիւններէն շատերուն մասնակցութեամբ կազմուեցաւ յանձնախումբ մը։ Այդ յանձնախումբի պատրաստած յատուկ օրէնքի նախագիծը 5 Օգոստոս չորեքշաբթի օր ներկայացուեցաւ Թուրքիոյ Խորհրդարանին։ Նախագիծը առաջին ստորագրողներէն Տեվթել Պահչելի այս առթիւ կրկնեց իր սոյն գործընթացի մեկնարկման առիթ տուող խօսքերը ըսելով. «Ապտուլլահ Էօճալան պէտք է օգտուի յոյսի իրաւունքէն, պաշտօնազրկուած քաղաքապետներ Ահմետ Թիւրք եւ Ահմետ Էօզէր վերատիրանան իրենց պաշտօններուն եւ քաղբանտարկեալ Սելահատտին Տեմիրթաշ վերադառնայ տուն»։
Գործընթացին դիմադրող միակ քաղաքական ուժն է «Իյի» կուսակցութիւնը, որ մեծ ջանք կը վատնէ գրգռիչ ելոյթներով խափանելու համար շարունակուող գործընթացը։



