«Արաս» հրատարակչատան մատենաշարէն
Ի յարգանս Երուանդ Կոպէլեանի
«Արաս» նախապէս հրատարակած էր նաեւ Կոպէլեանի բանաստեղծութիւններու ժողովածուն, «Երանի թէ» խորագրով եւ Յովհաննէս Շաշքալի թարգմանութեամբ։
Երուանդ Կոպէլեանի պատմուածքները վերահրատարակուած են «Արաս» հրատարակչատան մատենաշարէն։ «Կեանքի լուսանցքի խեչափառը» անուն հատորը կը բովանդակէ հեղինակի նախապէս երկու անջատ գիրքերու ձեւաչափով հրատարակուած պատմուածքները, որոնք թրքերէնի թարգմանուած են իր որդւոյն՝ Յակոբ Կոպէլեանի կողմէ։
«Արաս» նախապէս հրատարակած էր նաեւ Կոպէլեանի բանաստեղծութիւններու ժողովածուն, «Երանի թէ» խորագրով եւ Յովհաննէս Շաշքալի թարգմանութեամբ։
276 էջերէ բաղկացող հաւաքածոն ընթերցողը անգամ մը եւս կը տանի Կոպէլեանի գրական աշխարհը, ուր իր ամբողջութեան մէջ կը ցոլացնէ նաեւ Թուրքիոյ հանրապետական շրջանի գրականութեան ոճը։

