Իսթանպուլի ուժգին տեղատարափին եւ հեղեղատարափին յանձնուած ժամերուն, այսինքն Հոկտեմբերի 14-ին, չորեքշաբթի օր, Թաքսիմի «Ինթըրքոնթինենթըլ» հիւրանոցին մէջ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւնները մօտէն հետեւողներուն համար կարեւոր հանդիպում մը տեղի ունեցաւ։
Թէեւ բազմաթիւ հիւրեր երթեւեկութեան պատճառով ուշացան, Սեւ Ծովու Տնտեսական Համագործակցութեան Կազմակերպութեան Իսթանպուլի մէջ Հայաստանի ներկայացուցիչ Նայիրի Պետրոսեանը բոլոր հիւրերը դրան առջեւ դիմաւորեց։ Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան օրուան տարեդարձը, 9 տարի ետք առաջին անգամ ըլլալով, պաշտօնական մակարդակով պիտի տօնուէր։ Ասիկա կը նշանակէր, որ պետութեան կողմէ ալ մասնակցութիւն պիտի ըլլար։ Արդարեւ, Արտաքին Գործոց Փոխանախարար Պերիս Էքինճին եւ Արտաքին գործոց նախարարութեան միւս դիւանագէտները, թէեւ դժուարութեամբ՝ օդի եւ ճանապարհի պայմաններուն պատճառով, ընդունելութեան հասան։
Ընդունելութեան լայն մասնակցութիւն եղաւ։ Օտար առաքելութիւններու պետեր, Թուրքիա-Հայաստան Բնականոնացման Գործընթացի Թուրքիոյ Ներկայացուցիչ Սերտար Գըլըճը, Թուրքիոյ հայ համայնքէն հիմնադրամներու ղեկավարներ, Հրանդ Տինք հիմնադրամի Տնօրէն Խորհուրդի նախագահ Ռաքէլ Տինքը արդէն իրենց տեղերը գրաւած էին։ Տիեզերական Պատրիարք Բարթողոմէոսը, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Սահակ Մաշալեանը եւ Հայ Աւետարանական Համայնքի հոգեւոր առաջնորդ Գիրգոր Աղապալօղլուն ալ իրարու յաջորդելով ժամանեցին։ Ընդունելութեան սկսելէն անմիջապէս առաջ հիւրընկալի դերով Նայիրի Պետրոսեանը օրուան իմաստին շուրջ «Ակօս»ին համառօտ յայտարարութիւն մը ըրաւ եւ ըսաւ հետեւեալը.
«Այս ընդունելութիւնը ներկայ բնականոնացման ջանքերուն առընչութեամբ խորհրդանշական քայլ մըն է։ Շուրջ ինը տարի է, որ Իսթանպուլի մէջ ընդունելութիւն տեղի չէր ունեցած։ Ասիկա բնականոնացման գործընթացին մէջ մեզի հետ պաշտօնավարող թուրքիացի բարձրաստիճան պաշտօնեաներուն յաջողութիւնն ալ է։ Եւ ասոնք գործընթացին դրական շարունակութիւնը հաստատող փոքր քայլեր են։»
«Նախ դրացիները»
Բոլոր հիւրերը հասնելէ ետք ուշադրութիւնները դարձան Պետրոսեանի եւ Էքինճիի ամբիոնէն ըրած ելոյթներուն։ Առաջին խօսքը առաւ Պետրոսեանը, շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր եկած հիւրերուն եւ խօսեցաւ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններուն մասին։
«Մեր յոյսն այն է, որ այս տարածաշրջանին մէջ խաղաղութիւնն ու համագործակցութիւնը տիրեն», ըսաւ Պետրոսեանը եւ աւելցուց. «Հայաստանը որդեգրած է դրացիներուն հետ յարաբերութիւններուն ամենաբարձր առաջնահերթութիւն տուող «նախ դրացիները» քաղաքականութիւնը։ Հայաստանի Հանրապետութիւնը տարածաշրջանի կայունութեան իր ունեցած նպաստը կը դիտէ որպէս միջազգային խաղաղութեան, կայունութեան եւ զարգացման ամրապնդման մէջ իր հիմնական պարտականութիւնը»։
Պետրոսեանը իր խօսքը աւարտեց հայերէն՝ «Կեցցէ՛ Հայաստան» ըսելով։
Ապա խօսքը առաւ Արտաքին Գործոց Փոխնախարար Պերիս Էքինճին։ «Այս ընդունելութիւնը մեր բնականոնացման գործընթացին կարեւոր արտացոլումը կը կազմէ», ըսաւ Էքինճին եւ իր խօսքը շարունակեց այսպէս.
«Այս բնականոնացման գործընթացը մենք կը վարենք ամենաբարձր անկեղծութեամբ եւ վճռականութեամբ, լիարժէք բնականոնացման հասնելու վերջնական նպատակին ուղղուած՝ երկկողմ մակարդակով։ Այս համատեքստին մէջ մեծ գոհունակութեամբ կը տեսնենք, որ մեր երկիրներուն միջեւ վերջին շրջանին բարձր մակարդակի այցելութիւններու աճը կարեւոր նպաստ կը բերէ մեր երկկողմ երկխօսութեան ամրապնդման եւ փոխադարձ հասկացողութեան զարգացման։
Բացի ասկէ, փոխադրութեան, էներգիայի, մշակոյթի ոլորտներուն մէջ եւ ուղղակի առեւտուրի վերսկսման ուղղուած բազմաթիւ շօշափելի քայլեր առինք։ Առնուած այս բոլոր քայլերը մեզի ուժեղ հիմքեր կու տան մեր տարածաշրջանի ապագային նայելու մեծ յոյսով եւ լաւատեսութեամբ։ Թուրքիան Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութիւնը, կայունութիւնը եւ բնականոնացման դինամիկաները միշտ ալ աջակցած է։
Այս երեկոյ յատկապէս ընդգծել կ՚ուզեմ, որ առաջիկայ շրջանին ալ այս գործընթացներուն մեր անկեղծ ու անսասան աջակցութիւնը շարունակելով պիտի ըլլանք։»
Ամենաբարձր մակարդակի մասնակցութիւն
Էքինճին իր խօսքը աւարտեց Հայաստանը շնորհաւորելով։ Այսպիսով, Հայաստանի Անկախութեան օրուան ընդունելութիւններուն Թուրքիոյ կողմէ մինչեւ այսօր ամենաբարձր մակարդակի մասնակցութիւնը իրականացաւ։
Ելոյթներէն առաջ եւ ետք բոլորին մտքին մէջ նոյն հարցը կար. Սահմանը շուտով պիտի բացուի՞։ Քանի որ Հայաստանի Արտաքին Գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանը Վարշաւայի մէջ մասնակցած ֆորումի մը ընթացքին ըսած էր. «Վաղը առտու լուրերուն մէջ «Հայաստան-Թուրքիա սահմանը բացուեցաւ» խորագիրը կրնանք տեսնել»։ Թուրքիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութեան պաշտօնեաները, թէեւ շեշտած էին, որ գործընթացը յառաջ կ՚երթայ, «վաղը առտու»ի հարցին մէջ զգուշաւոր էին։ Ի դէպ, Միրզոյեանն ալ այս նախադասութիւնը որպէս փոխաբերութիւն գործածած էր։
Գիշերուան ամենակարեւոր պահերէն մէկը ելոյթները աւարտելէն ետք էր. երբ Պետրոսեանը եւ Էքինճին ամբիոնին վրայ էին, նախ Հայաստանի, ապա Թուրքիոյ ազգային քայլերգը հնչեց։ Այդ պահուն ետեւի էկրանին վրայ յաջորդաբար Հայաստանի եւ Թուրքիոյ դրօշները ցուցադրուեցան։
Ընդունելութեան ներկայ գտնուած եւ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու անցեալը գիտցող ամէն մարդ գիտակից էր, որ կարեւոր պահի մը վկան կ՚ըլլայ։ Ես ալ նոյնպէս։
Ընդունելութենէն բոլորը յոյսով հեռացան։ Հիւրերը հեղեղին յանձնուած Իսթանպուլի երթեւեկութեան միանալու պատրաստուելու ատեն՝ մեզմէ ոմանց մտքին մէջ ուրիշ հարց մըն ալ կար. Այո՛, Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւնները կարծես իրենց ուղիին մէջ են, բայց չորս տարի առաջ համաձայնութեան յանգած, ցամաքային սահմանը առաջին հանգրուանին երրորդ երկիրներու քաղաքացիներուն եւ դիւանագէտներուն համար բանալու քայլն իսկ ինչո՞ւ տակաւին չէ կրցած առնուիլ։ Այո՛, շօշափելի յառաջընթացներ կան, սակայն նկատի ունենալով, որ գործընթացը 2020 թուականին սկսած է, աւելի առաջ հանգրուանի մը վրայ պէտք չէ՞ր գտնուէինք։ Արդեօք Ատրպէյճանի կողմէ գործընթացը դանդաղեցնող ազդեցութիւն մը կա՞ր։
Անձնապէս ես արդէն իմ մեկնաբանութիւններուս մէջ Ատրպէյճանի ազդեցութեան մասին կը խօսիմ. ասիկա գաղտնի հարց մըն ալ չէ։ Արտաքին Գործոց Նախարար Հաքան Ֆիտան նախապէս ընդգծած էր, որ գործընթացին յառաջընթացին համար կարեւոր է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ վերջնական խաղաղութեան համաձայնագրի ստորագրումը։ Իսկ Ատրպէյճանը վերջնական ստորագրութեան հարցին մէջ դանդաղկոտ վարուիլը եւ սեղանին վրայ պայմաններ դնելը կը շարունակէ։
Մեր մտքին մէջ իհարկէ ուրիշ հարց մըն ալ կար. Յաջորդ ընդունելութիւնը այլեւս Իսթանպուլի մէջ հիմնուելիք Հայաստանի դեսպանատան մէջ կարելի պիտի ըլլա՞ր կատարել։
«Բնականոնացում»ի ամենակարեւոր քայլերէն մէկը այդ պիտի չըլլա՞ր։
Ինը տարի ետք Իսթանպուլի մէջ բարձր մակարդակի տօնակատարութիւն
Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 35-ամեակին առիթով, Հոկտեմբերի 14-ին, չորեքշաբթի օր, Իսթանպուլի մէջ պաշտօնական ընդունելութիւն մը կազմակերպուեցաւ։ Ինը տարուան ընդմիջումէ ետք առաջին անգամ տեղի ունեցող Հայաստանի անկախութեան օրուան տօնակատարութեան հիւրընկալն էր Հայաստանի Հանրապետութեան Սեւ Ծովու Տնտեսական Համագործակցութեան Կազմակերպութեան մշտական ներկայացուցիչ Նայիրի Պետրոսեանը։ Թուրքիան ներկայացուց Արտաքին Գործոց Փոխնախարար Պերիս Էքինճին։ Էքինճիի մասնակցութեամբ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու մէջ առաջին անգամ ըլլալով այս մակարդակով մասնակցութիւն մը իրականացաւ։ Ելոյթներէն ետք Թուրքիոյ եւ Հայաստանի ազգային քայլերգները յաջորդաբար հնչեցին։




