«Ռուսերը, մեղմօրէն ըսած, գոհ չեն Հայաստանի մէջ մեր ներգրաւուածութենէն»։ Այս մասին յայտարարեց Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Գործոց Նախարար Մարքօ Ռուպիօ:
«Կը կարծեմ` կան փաստեր, որոնք կը վկայեն, որ Միացեալ Նահանգներու հետ յարաբերութիւններու խորացման պատճառով անոնք կը փափաքէին, որ գործող վարչապետը պարտուէր ընտրութիւններուն», նշեց ան։
Ռուպիօ աւելցուց, որ Միացեալ Նահանգներ չի ստիպեր Հայաստանին՝ խզել բարեկամական կապերը այլ երկիրներու հետ:
«Մենք պարզապէս կ՛ուզենք, որ մեր յարաբերութիւնները կառուցուին ոչ միայն խաղաղութեան վրայ: Խաղաղութիւնը կարեւոր է, բայց ատիկա միայն սկիզբն է, որ կը բանայ տնտեսական կարելիութիւններ», շեշտեց նախարարը։



