Թուրքիոյ Հանրապետութեան տեւողութեան գլխաւոր խնդիրը եղած է ժողովրդավարական հասկացողութիւններու հաստատումը։ Այս ուղղութիւնով կատարուած իւրաքանչիւր յառաջընթաց շուտով հանդիպած է բուռն հակազդեցութեան եւ ձեռքբերումները կրկին անգամ ետ մղուած են յանուն անվտանգութեան տեղի, շատ անգամ ալ անտեղի պատրուակներով։
13-14 Յունիս թուականներուն նիւթը բանախօսութիւններու ձեւաչափով կ՚արծարծուի Պաքըրգիւղ, «Ճեմ Քարաճա» մշակոյթի կեդրոնին մէջ, մասնակցութեամբ բազմաթիւ հանրածանօթ մտաւորականներու, պատմաբաններու, ակադեմականներու եւ քաղաքական գործիչներու կողմէ։



