Քաղաքը կը ցնծայ Եսայեան Միութեան հանդիպումով
Եսայեան Մշակոյթի եւ Գրականութեան Միութիւնը կը պատրաստուի «Հանդիպում» խորագրեալ փառատօնի երկրորդը ներկայացնելու Մարտ ամսուայ ընթացքին։
Կը նախատեսուի 1-31 Մարտ թուականներու միջեւ շուրջ 50 տարաբնոյթ միջոցառումներով արեւմտահայերէն ապրումներու շարք մը։
Միութեան շրջանակները տարբեր սերունդներու հետաքրքրութեան հասնելու մարմաջով մշակած են նաեւ զանազան խաղեր, փիլիսոփայութեան եւ պարի աշխատանոցներ։ Ինչպէս նախորդ տարի, այս տարի ալ կը ծրագրուի դպրոցներու հետ գործակցութիւնը, համայնքի մատղաշ սերունդը իրազեկելու համար։
Ֆրանսայէն Անահիտ Սարգիսեան արեւմտահայերէնի աշխատանոցներ պիտի սարքէ, իսկ Փորթուկալէն ժամանող Գայանէ Կավրիլոֆ «Հապա Եթէ», Պոլիսէն Թինա Քոփմա փիլիսոփայութեան աշխատանոց «Փիլիպարտէզ»ով պիտի մասնակցին փառատօնին։ Անգլիայէն եկող Լեռնա Պապիկեան յատուկ պարային ոճով պիտի նկարագրէ Մեսրոպեան այբուբենի տառերը։
Հանդիպում 2026-ի ծիրէն ներս Ֆրանսա, Փորթուկալ, Անգլիա, Հայաստան եւ Յունաստանէն եկող արուեստագէտներ Պոլսոյ տարբեր վայրերուն մէջ բեմ պիտի բարձրանան։ Քերովբեան անսամպլը 4 Մարտ չորեքշաբթի երեկոյ Նարեկեան սրահն է։ Անսամպլը ինք եւս յայտարարութիւնով մը իմացուց այս համերգը։
«Յաւերժացնելով 1980–ին Փարիզ հիմնուած Կոչնակ խումբի ժառանգը, Վիրճինիա եւ Արամ Քերովբեան, Վահան եւ Շուշան Քերովբեաններուն հետ կը ներկայացնեն հայկական աւանդական երգեր, անոնց սկզբնական, ձայն եղանակային ձեւով։ Խումբին մեկնաբանութիւնը կը բղխի երգերու շարունակաբար վերստեղծման աւանդութենէն, որով յանկարծաբանութեամբ եւ լեզուէն անբաժան զարդարանքներով, իւրաքանչիւր ներկայացում կը դառնայ եզակի։
Երգացանկը կը կազմուի Հայոց երկրի զանազան շրջաններէն քաղուած ժողովրդական երգերէ» ըսուած է Քերովբեան անսամպլի յայտարարութեան մէջ։
Ֆրանսահայ «Քոլեքտիֆ Մեծ Պազար» խումբը, արդէն ծանօթ է պոլսահայ երաժշտասէրին, որ 6 Մարտ ուրբաթ երեկոյ «Ռոքսի»ի մէջ բեմ պիտի բարձրանայ։ Հող եւ Արդիւր Ալեք հայերէն եւ ելեկդրոնիկ երաժշտութեան ուշագրաւ անուններ են։ Անոնք ալ ունկնդրին հետ պիտի հանդիպին 11 Մարտ երեքշաբթի երեկոյ Գատըգիւղ «Քարկա» պարի մէջ։
Անուանի ուտահար Հայկ Եազըճըեան Յունաստանէն կու գայ եւ 28 Մարտ շաբաթ երեկոյ «Սալոն ԻՔՍՎ»ի մէջ կը մէկտեղուի իր երկրպագուներուն հետ։
Ֆրանսահայ շարժանկարի բեմադրիչ Սերժ Աւետիքեան փառատօնին կը մասնակցի երկու յատուկ ցուցադրութեամբ։ 27 Մարտ ուրբաթ երեկոյ Բերա թանգարանին մէջ կը ցուցադրուի Աւետիքեանի «Վերադարձ դէպի Սէօլէօզ» եւ ապա «Շան պատմութիւններ» ֆիլմերը։
Անուանի բեմադրիչը 29 Մարտին ալ իր նախնիներու ապրած Պրուսայի Սէօլէօզ գաւառը ճամբորդելով պիտի պատմէ իր ֆիլմերու մասին։
Փառատօնի ծիրէն ներս Ժպիտ Լոյս Կեզէր պիտի ծանօթացնէ հայ աւանդական պարերէն նմուշներ։ Իսկ 23 Մարտ երկուշաբթի Միրան Թովմասեան կը ղեկավարէ յանկարծաբանական պարի աշխատանոցը։
Եօթ ժամանակակից հայ նկարիչներու գործերը փառատօնի տեւողութեամբ կարելի է այցելել բացի կիրակի եւ երկուշաբթիէն, «Տեփօ»ի մէջ։
Փառատօնի ամբողջական ցուցակը կարելի է գտնել Եսայեան Մշակոյթի եւ Գրականութեան Միութեան սոց ցանցերէն։

