Գարեգին Բ.Կաթողիկոսի դէմ քրէական հետապնդում՝ երկրէն ելքը արգիլուեցաւ
Հայաստանի դատախազութիւնը քրէական հետապնդում յարուցած է Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ.-ի նկատմամբ՝ դատական վճիռի կատարման խոչընդոտելու մեղադրանքով։ Փաստաբան Արա Զոհրաբեան յայտնեց, որ վեհափառ հայրապետին արգիլուած է Հայաստանէն ելք, ինչ որ կը խոչընդոտէ 16-19 Փետրուարին Աւստրիոյ մէջ նախատեսուած Եպիսկոպոսաց ժողովին մասնակցութիւնը։
Զոհրաբեան դիտել տուաւ, որ Վարչապետ Փաշինեան ուրբաթ օր արդէն յայտարարած էր, թէ «թոյլ պիտի չտայ կաթողիկոսութիւնը Հայաստանէն դուրս տանիլ»։ Փաստաբանին համաձայն՝ ակնյայտ էր, որ այդ յայտարարութեան պիտի հետեւէին այսպիսի գործողութիւններ։
Դատախազութիւնը կը հրաժարի հարցին մասին տեղեկութիւններ յայտնել։ Մինչ այդ, Սփիւռքի շարք մը ներկայացուցիչներ նախապէս յայտարարած էին, որ եկեղեցւոյ առաջնորդին հարկադրական հեռացման սպառնալիքները ուղղակի սպառնալիք են աշխարհի բոլոր հայերուն համար։

