«Խաղաղութեան համար 1001 ստորագրութիւն» խորագրեալ արշաւի մամլոյ ծանօթացումը կատարուեցաւ 12 Սեպտեմբեր շաբաթ օր, Էյուպի քաղաքապետարանի մշակոյթի կեդրոնին մէջ։
Ներկայ էին մամուլի որոշ մէկ հատուածի ներկայացուցիչներ եւ արշաւին իրենց ստորագրութիւններով մասնակցողներէ բաղկացած զանգուած մը։
Մարտինէն պաշտօնազուրկ քաղաքապետ Ահմետ Թիւրքի արտասանած բացման ճառախօսութենէ ետք կարճ ելոյթներ ունենալու համար բեմ հրաւիրուեցան զանազան անուններ, որոնց շարքին էին Շեպիեմ Քորուր Ֆինճանճը, Նաճի Սէօնմեզ, Էրեն Քեսքին, Ֆաիք Պուլութ, Պետիհա Կէօքկէօզ, Մուսա Փիրօղլու, Ալի Պուլաչ, Բագրատ Էսդուգեան եւ տակաւին զանազան անուններ։



