ԱՄՆ եւ Իսրայէլի յարձակումը Պարսկաստանի վրայ
Խամենէի սպաննուեցաւ
Իսրայէլեան օդուժը շաբաթ առաւօտեան Միացեալ Նահանգներու հետ միասին «Առիւծի մռնչիւն» գործողութիւնը շղթայազերծեց Պարսկաստանի դէմ։ Իսրայէլի վարչապետ Նեթանիահու յայտարարեց, որ նպատակը «Պարսկաստանի ահաբեկչական վարչակարգը հիւլէական զէնքով զինուելէ» խափանելն է։
ԱՄՆ նախագահ Թրամփ նշեց. «Քիչ առաջ Պարսկաստանի մէջ լայնածաւալ գործողութեան մը սկսանք՝ ամերիկացի ժողովուրդը պաշտպանելու համար։ Պարսկաստան չի կրնար հիւլէական զէնք ունենալ»։ Ան յայտարարեց, որ պիտի քանդուին Պարսկաստանի հրթիռները եւ ծովուժը, եւ կոչ ըրաւ Յեղափոխական պահակագունդի անդամներուն զէնքերնին վար դնել։
Իսրայէլեան բանակը յայտարարեց, որ «մէկ վայրկեանի ընթացքին Պարսկաստանի մէջ 40 բարձրաստիճան հրամանատար վնասազերծուեցաւ»։
Կիրակի առաւօտեան Պարսկաստանի պետական պատկերասփիւռը հաստատեց գերագոյն հոգեւոր պետ Խամենէիի, պաշտպանութեան նախարարին, զինեալ ուժերու սպայակոյտի պետին եւ Յեղափոխական պահակագունդի հրամանատար Մոհամետ Փաքփուրի մահը։
Պարսկաստանի նախագահ Փեզեշքիան յայտարարեց. «Գերագոյն հոգեւոր պետին վրէժը լուծելը մեր օրինական պարտականութիւնն է»։ Պարսկաստան «Անկեղծ խոստում 4» գործողութիւնը շղթայազերծեց եւ թիրախաւորեց Քաթարի, Քուէյթի, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու եւ Սէուտական Արաբիոյ մէջ ամերիկեան ռազմակայանները։
Թրամփ յայտնեց. «Պարսկաստանի հետ դիւանագիտական լուծումի հասնիլը հիմա աւելի դիւրին է, որովհետեւ ան ջախջախիչ պարտութեան կը մատնուի»։

