Մէկ ամիսէն աւելի կարճ ժամանակ մնացած է Հայաստանի Հանրապետութեան խորհրդարանական ընտրութիւններուն համար։
Սոյն ընտրութիւնը հետզհետէ աւելի լուրջ նշանակութիւն կ՚ունենայ վերջին օրերու զարգացումներու լոյսին տակ։ Եւրոմիութեան անդամ երկիրներէն բարձրաստիճան ներկայացուցիչներով կայացող վեհաժողովը յատկապէս Ռուսաստանէն դիտուած կերպով ջրբաժանի նշանակութիւն մըն ալ ունեցաւ։ Արդարեւ Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահը յանձնարարեց կողմնորոշուիլ ԵՄ-ի եւ ԵԱՏՄ-ի միջեւ։
Տրուած ըլլալով որ կանխատեսումները ուղղուած են ներկայ իշխանութեան յաղթանակին գծով, դարձեալ Ռուսաստանէ հնչող որոշ թելադրանքներ խորհուրդ կու տան չճանչնալ ընտրութեան արդիւնքները։
Լուրջ վտանգաւոր մերձեցում մըն է այս, քանի որ ընդդիմադիրներու համար կրնայ պատրուակ դառնալ անհնազանդութեան դէպքերու։ Վերջապէս տարածաշրջանը այս առումով ունի որոշ փորձառութիւն։
Այս բոլորը իրար գումարած, անհրաժեշտութիւն է պատասխանատու եւ գիտակից վարք՝ կանխելու համար ներքին կամ արտաքին դաւադրական փորձերը։



