Իրանի դէմ ԱՄՆ-Իսրայէլեան յարձակումները արդէն հասան 12 օրերու։ Երբ առաջին պահուն իսկ Իրանի հոգեւոր առաջնորդը եւ բարձրաստիճան պետական պաշտօնեաներ սպանուեցան, Թրամփ յաւակնեցաւ պատերազմի աւարտը ժամերով սահմանելու։
Ապա ժամերը վերածուեցան օրերու, հետզհետէ շաբաթներու նաեւ։ «Հազիւ Իրանի առանց պայմանի պարտութիւնով կ՚աւարտի այս պատերազմը» ըսող Թրամփ, այժմ կը յայտարարէ թէ պատրաստ է բանակցելու։ Ինք պատրաստ է, բայց իր դէմ ետքայլ ընելու նպատակ չունեցող Իրան մը կայ։ Մանաւանդ այն պահուն, երբ Հուրմուզի նեղուցը փակելով տակն ու վրայ եղած են նաւթի համաշխարհային սակերը, յարձակողները սկսած են ելքի միջոցներ որոնել։
Աւելին՝ Թելավիվ յաճախ Իրանեան ռմբակոծումներու սպառնալիքի տակ է եւ ժողովուրդը սարսափահար կը փութայ ստորերկրեայ թաքստոցներ։
Յայտնի է որ պատերազմի երկարումը աւելի մեծ դժուարութիւն պիտի պատճառէ նախայարձակներուն, քան իր դիրքերը պահել ջանացող Իրանին։
Արեւմտեան դաշինքի մէջ գոյացած է լուրջ ճեղքեր, յատկապէս Թրամփի անկանխատեսելի յարձակողականութեան դէմ։
Պատերազմը սահմանուած չէ Թեհրան եւ Թելավիվով։ Տարածքաշրջանի բոլոր երկիրները իրենց բաժինը կը ստանան կատարուածէն։ Ինչպէս միշտ կը պատահի, ամենածանր տուժողը կ՚ըլլայ շղթայի տկարագոյն օղակը, որ այս դէպքին մէջ Լիբանանն է։
Ան իրերայաջորդ հարուածներ կը ստանայ հարեւան Իսրայէլէն, որ կը փորձէ առիթէն օգտուելով կարելի եղածին չափ ծանր վնասել Հզպուլլահի դիրքերը։
Խենթը քար մը նետեց ջրհորին մէջ, տեսնենք քանի՞ խելօք պէտք է այդ քարը դուրս բերելու։



