Ինչպէս նշուած է մամլոյ հաղորդագրութենէն, գրասէրներու յիշողութեան մէջ տակաւին թարմ է Մխիթարեան Սանուց Միութեան երդիքին տակ կազմակերպուած գիրքի տօնավաճառները։ Այս տարի, Թարգմանչաց Տօնի օրերուն Արաս Հրատարակչատունը եւ Եսայեան Միութիւնը միասնաբար կը կազմակերպեն «Կրկին» կոչումով գիրքի փառատօն մը՝ 8-9-10 Հոկտեմբեր 2026-ին, Պէյօղլուի Նարեկեան Սրահին մէջ։
Ստորեւ մեր ընթրցողներուն ուշադրութեան կը ներկայացնենք, այս նիւթով հրապարակուած մամլոյ յայտարարութիւնը։
Պոլսահայ մամուլը, դարաւոր հրատարակչական աւանդութիւնը, հնավաճառները եւ անկախ հրատարակիչները կը համախմբուին Թարգմանչաց Տօնի առիթով։ Փառատօնը կը նորոգէ գիրքի հանդիպումներու այն աւանդութիւնը, որ երկար տարիներ Փանկալթըի Վարժարանէն Շրջանաւարտներու Միութեան յարկին տակ ծաղկած էր եւ համայնքի յիշողութեան մէջ թանկագին հետք թողած։ Այսօր, տարիներ ետք, կրկին կը վերածնի՝ աւելի լայն մասնակցութեամբ եւ տարբեր հաստատութիւններու միասնութեամբ։ Երեք օր տեւելիք հանդիպումը ընթերցողներուն պիտի առաջարկէ ընդարձակ ծրագիր՝ գիրքի վաճառքի տաղաւարներէն մինչեւ զրոյցներ, բաց արհեստանոցներ եւ գրողներու հանդիպումներ։
Հրանդ Տինքի 1996-ին «Ակօս»-ի էջերուն մէջ գրած անմոռանալի նախադասութենէն՝ «Բարեւ անոնց, որ գիրքերը շալակած բերին, էջերը պահպանեցին ու հասցուցին մինչեւ օրս», մեկնելով՝ դարերու ընթացքին վանքերէն տպարաններ, աքսորի ճամբաներէն նեղ արահետներէն տառերն ու էջերը կրնակնին մինչեւ օրս հասցնողներու ժառանգութիւնը այսօր կրկին շունչ կ'առնէ Նարեկեանի յարկին տակ։
Կրկին գիրքի Փարատօնը պարզ յիշատակի հանդիսութենէ աւելի՝ նպատակ ունի լեզուներու, սերունդներու եւ մշակոյթներու միջեւ կառուցուած դիմացկուն կամուրջը ամրապնդել՝ այսօրուան կենդանի ստեղծագործութիւններով։



