Ս. Պատարագը առիթ եղաւ որպէսզի համայնքի անունով երախտիքի տուրք մատուցուի վարժարանի բազմամեայ տնօրէնուհի Սիլվա Գույումճեան Մարկոսեանին։ Ան աւելի քան չորս տասնամեակներ իբրեւ տնօրէնուհի պաշտօնավարեց Կեդրոնականի մէջ, շրջանաւարտ դարձնելով բազմահարիւր սաներ։ Աւելի քան 45 տարիներու երկարող իր պաշտօնավարութեան շրջանին Կեդրոնական Վարժարանը ընդմիշտ վերելքի մէջ մնաց ամէն տարի գերազանցելով իր նախորդ տարուայ յաջողութիւնները։
Ուսուցչական եւ յատկապէս ուսուցչապետութեան առումով պատկառելի աւանդ մը գոյացուցած է Սիլվա Գույումճեան Մարկոսեանը մեր կրթական իրողութեան մէջ։ Ան արդէն իսկ արժանի է վարժարանի պատմութեան մէջ իր ուրոյն հեղինակութեամբ յիշուելու։
Բոլորս գիտենք թէ ուսուցչութիւնը նուիրում պահանջող աշխատութիւն է, եւ շատ անգամ ալ ունի ապերախտ երեսակ մը։
Սիլվա Գույումճեան Մարկոսեան յաջողեցաւ յաղթահարել այդ ապերախտ երեսակը եւ արժանացաւ պոլսահայ հասարակութեան ջախջախիչ մեծամասնութեան գնահատանքին։ Ան այսօր պարտականութիւնը լաւագոյնս կատարած կրթական մշակի գոհացումով կը վայելէ իր նուիրեալ ծառայութեան բարոյական գնահատումը։
Այսպէս պէտք է դիտել Սահակ Բ. Պատրիարք Սրբազանի ձեռամբ իրեն յանձնուած Օրմանեան Շքանշանը։ Նոյն օր Պատրիարքարանի պատուոյ շքանշանով պարգեւատրուեցաւ Կեդրոնականի մի այլ նուիրեալ գործիչ, Ղալաթիոյ խնամակալութեան անդամ, ապա ատենապետ եւ այժմ ալ հիմնադիրի ներկայացուցիչի պաշտօնը վարած տիար Յարութիւն Էպէօղլու։
Էպէօղլու երկար տարիներու ծաւալող իր ծառայութեան մէջ միշտ աչքի ինկաւ իր բարձր համեստութեամբ, վեհութեամբ ու բարի կամեցողութեամբ։ Խոնարհաբար ծառայեց իր ալ ծոցէն եկած վարժարանին եւ համայնքին։ Միշտ պահեց իր վեհ համեստութիւնը առանց մատնուելու այդ դիրքին շնորհած յաւակնութիւններուն։ Վերջապէս կրնանք ըսել թէ կիրակնօրեայ Սիրոյ Սեղանը անկախ կատարուած հանգանակութեան քանակէն, ինքնին պարծանքի առիթ մըն էր բոլոր կեդրոնականցիներու համար, շնորհիւ այս հաստատութեան նուիրեալներու պարգեւատրութեան։



