Ժողովրդահանրապետական Կուսակցութեան Ամիտայի պատգամաւոր Սեզկին Թանրըքուլու Արդարութեան նախարարի պատասխանելու պահանջով հարցումնագիր մը ուղղած է խորհրդարանի նախագահութեան։
Թանրըքուլու հարցումնագրին մէջ կը նշէ Թուրքիոյ Հանրապետութեան սահմանադրութեան 90-րդ յօդուածը, ըստ որու երկրի արդարադատական համակարգի հետ հակասութեան պարագային գերազանցող է միջազգային դատարաններու վճիռները։ Նոյնպէս Սահմանադրական Ատեանի վճիռներն ալ կը գերազանցէն օրէնսդրական, գործադրական եւ դատական բոլոր մարմիններու կամքը, ըստ նոյն սահմանադրութեան 153-րդ յօդուածի։
«Վերջին տարիներուն լրջօրէն կը քննարկուին թէ՛ Սահմանադրական Ատեանի եւ թէ ԵՄԻԱ-ի վճիռներու անտեսումը։ Այս ծիրէն ներս Սելահատտին Տեմիրթաշի եւ Օսման Քաւալայի իսկոյն ազատ արձակման մասին վճիռները եւ Սահմանադրական Ատեանի ընտրեալ պատգամաւոր Ճան Աթալայի, Թայֆուն Քահրաման եւ Ֆիկեն Եիւքսեքտաղի մասին կայացուցած որոշումները ինչո՞ւ չեն գործադրուիր»։
Այս բնոյթի 11 հարցումներէ բաղկացող հարցումնագիրի դէմ Արդարութեան Նախարարի պատասխանները մեծ ուշադրութեան արժանի պիտի ըլլան։



