Անուանի թուրք գրող Քեմալ Եալչընի դէմ կը կիրարկուի երկիր մտնելու արգելք։
Ան ծանօթ է որպէս Թուրքիոյ հայ, յոյն եւ ասորի փոքրամասնութիւններուն ենթարկուած անարդարութիւնները գրականութեան միջոցաւ հրապարակելով։
1980-ի զինուորական յեղափոխութենէն ետք ապաստանեցաւ Գերմանիա, ուր աւելի քան 30 տարիներ ուսուցչագործելէ ետք 2018-ին թոշակառու դարձաւ։
Իր հեղինակած գիրքերը թարքմանուած են 16 լեզուներու։
Քեմալ Եալչըն երկիր մտնելու արգելքը լսեց 9 Դեկտեմբեր 2025-ին, Զմիւռնիոյ օդակայանը։ Սահմանապահ ոստիկանները այդ օր առանց բացատրութիւն մը տալու յայտնեցին թէ արգիլուած է իր երկիր մուտքը։ Օդակայանի մէջ շուրջ 11 ժամուայ սպասումէ ետք զինք ետք ուղարկեցին դէպի Գերմանիա։
«Թուրքիան իմ հայրենիքն է, իսկ Գերմանիա երկրորդ հայրենիքս 30 տարիներ է որ առանց դժուարութեան մը մատնուելու կ՚երթամ կու գամ իմ երկիրը։ Անպարտ հռչակուած եմ ինծի դէմ յարուցուած բոլոր մեղադրանքներէն։ Այս դէպքէն անմիջապէս ետք փաստաբաններու միջոցաւ դիմեցի դատարան, բայց մինչեւ օրս չեմ ստացած ոեւէ պատասխան նման արգելքի մը բացայայտման նիւթով»։
Նշենք թէ Քեմալ Եալչըն Գերմանիա գտնուած տարիներուն մտերմացած էր այդ տարիներու Գերմանիոյ Հայոց հոգեւոր առաջնորդ Գարեգին Արք. Եպիսկոպոս Պէքճիեանի հետ։ Ինք էր որ սրբազանը այցելած էր իր ապաստանած ծերանոցին մէջ եւ անոր պայմանները իմացուցած «Ակօս»ի միջոցաւ։ Ապա գործակցելով «Ակօս»ի վաղեմի բարեկամներէն Վարգէն Պարընի հետ, ապահոված էր սրբազանի իր ծննդավայրը վերադարձը։



