Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Սրբազան Պատրիարք Հօր գլխաւորութեամբ Պատրիարքական Աթոռը կը պատրաստուի նշել Աթոռի Հոգեւորականաց Դասու երիցագոյն անդամին՝ Գերշ. Տ. Արամ Ս. Արքեպիսկոպոս Աթէշեանի քահանայական ձեռնադրութեան յիսնամեայ յոբելեանը։
Այս առթիւ Նորին Ամենապատուութեան հովանաւորութեամբ պիտի կազմակերպուին շարք մը հանդիսութիւններ, որոնց գլխաւորը պիտի ըլլայ Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ Գերշ. Տ. Արամ Սրբազան Հօր ձեռամբ մատուցանելի գոհաբանական Սուրբ Պատարագը, որուն համար նախատեսուած է 15 Նոյեմբեր 2026, Յիսնակի Բարեկենդանի Կիրակին։ Նախատեսուած է նաեւ սարքել Սիրոյ Սեղան եկեղեցւոյ յարակից Յարութիւն Ամիրա Պէզճեան Սրահին մէջ։
Հոգեւոր հանդիսութեանց առընթեր տեղի պիտի ունենայ նաեւ մշակութային հանդիսութիւն մը, որուն թուականը եւ վայրը կը տեղեկացուի յետագային։
Այս յոբելենական նշումը հոգեւորականներու եւ աշխարհականներու առիթ պիտի ընծայէ նաեւ Նորին Սրբազնութեան ծառայութեան մասին իրենց սրտի խօսքերը գրի առնելու, որոնք պիտի հաւաքուին յատուկ յուշամատեանի մը մէջ։
Հանդիսութիւններու առթիւ պիտի կազմուի յանձնախումբ մը, նախագահութեամբ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր։



