13-15 Նոյեմբերի շաբաթավերջին, Նորին Սրբազնութեան ի պատիւ նախատեսուած են մեծարանքի կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւններ։ Նոյն ծիրէն ներս Գերշ. Տ. Արամ Ս. Արքեպս. Աթէշեան պիտի պարգեւատրուի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի նորահաստատ «Սուրբ Ղեւոնդ Երէց» առաջին կարգի շքանշանով, զոր Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր խնդրանքին ընդառաջ շնորհուած է ազգիս Վեհափառ Հայրապետին՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին կողմէ։ Մեծարանքի հանդիսութիւններու այս նախաձեռնութիւնը կը կատարուի՝ ի նշանաւորումն Գերշ. Տ. Արամ Ս. Արքեպս. Աթէշեանի քահանայական ձեռնադրութեան յիսնամեայ ոսկեայ յոբելեանին։ Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց ընծայարանը աւարտելէ վերջ, Նորին Սրբազնութիւնը 1976 թուականին քահանայական օծում եւ ձեռնադրութիւն ստացած էր Աթոռոյս երանաշնորհ գահակալներէն Շնորհք Պատրիարքի (Գալուստեան) կողմէ։
Գերշ. Տ. Արամ Ս. Արքեպս. Աթէշեանի ոսկեայ յոբելեանին առթիւ նախատեսուած ձեռնարկներուն պիտի մասնակցին Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ Նուիրապետական աթոռներու ներկայացուցիչները։ Այսպէս, Ամենայն Հայոց Կաթողիկսութիւնը պիտի ներկայացնէ Արեւմտեան Եւորպայի Հայրապետական Պատուիրակ Գերշ. Տ. Խաժակ Ս. Արքեպս. Պարսամեան, որ պիտի յանձնէ Նորին Սրբազնութեան ուղղեալ Հայրապետական սրբատառ կոնդակն ու Վեհափառ Հայրապետին կողմէ շնորհուած «Սուրբ Ղեւոնդ Երէց» շքանշանը։ Հարկ է նշել, որ Գերշ. Տ. Արամ Ս. Արքեպս. Աթէշեան, որ եղած է Նորին Սրբութեան առաջին ձեռնասուներէն մին՝ որպէս եպիսկոպոս, այս նորահաստատ շքանշանով պարգեւատրուած առաջին չորս սրբազաններու շարքին մաս պիտի կազմէ։ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը պիտի ներկայացնէ Գերշ. Տ. Տաճատ Ս. Եպս. Աշըգեան, իսկ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութիւնը՝ Գերշ. Տ. Թէոդորոս Ս. Եպս. Զաքարեան։
Պոլսահայ հոգեւորականաց եւ սարկաւագաց դասերու անդամներուն առընթեր, ձեռնարկին հրաւիրուած են համայնքային հաստատութիւններու կամ մարմիններու ատենապետներ, վարժարաններու հիմնադրի ներկայացուցիչներ ու տնօրէններ, դպրաց դաս-երգչախումբերու դպրապետներ ու տնօրէն խորհուրդի ատենապետներ, սանուց միութիւններու կամ հայրենակցական միութիւններու վարիչներ, մամլոյ ներկայացուցիչներ, կրթական մշակներ, հասարակական գործիչներ, մեծարեալ Սրբազան հօր ընտանիքն ու անմիջական շրջանակը եւ այլ հիւրեր։ Հայ Կաթողիկէ եւ Հայ Աւետարանական եկեղեցիներու ներկայացուցիչներուն առընթեր, հրաւիրուած են նաեւ Իսթանպուլի երեսփոխան տոց. Տքթ. Սեւան Սվաճըօղլու, Սեւ ծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ Նաիրի Պետրոսեան, Հանրապետութեան Նախագահութեան Մշակոյթի եւ Արուեստի Քաղաքականութիւններու Խորհուրդի անդամներէն Արամ Քուրան։
Պատրիարքական Աթոռը Գերշ. Տ. Արամ. Ս. Արքեպս. Աթէշեանի քահանայական ձեռնադրութեան ոսկեայ յոբելեանի կազմակերպչական աշխատանքներուն համար պաշտօնի կոչած է կարգադիր յանձնախումբ մը՝ Նորին Ամենապատուութեան օրհնութեամբ։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը նախագահն է այս յանձնախումբին, որու կազմին մէջ կը գտնուին՝ Հոգշ. Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, Հոգշ. Տ. Յովակիմ Վրդ. Սերովբեան, Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան, Արժ. Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան եւ Արժ. Տ. Նաթան Քհնյ. Արապեան։ Բացի այս հոգեւորական անդամներէն, յանձնախումբին կ’անդամակցին՝ Սերտա Արսլան, Նուարդ Աւետիքօղլու, Լարա Թոքաթլըօղլու, Սէլին Կեզէրօղլու, Կարօ Վռամ Պապայեան եւ որպէս հիւրընկալ կառոյցի ներկայացուցիչ՝ Աթոռանիստ Մայր Եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդէն Դաւիթ Տամլա։ Կարգադիր յանձնախումբի աշխատանքները կը համակարգեն՝ «Ժամանակ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեան եւ համայնքային գործիչ Արի Չոլաք։
Երեք փուլերով նախատեսուած յոբելենական ծրագիրը կեանքի պիտի կոչուի Գումգաբուի մէջ, համայնքային շրջանակներու լայնախարիսխ մասնակցութեամբ՝ Սուրբ Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր Եկեղեցւոյ համալիրէն ներս, ըստ հետեւեալի.
Մշակութային հանդիսութիւն
(13 Նոյեմբեր 2026, Ուրբաթ)
Ս. Որդւոց Որոտման եկեղեցի - Մեսրոպ Բ. Պատրիարք մշակոյթի կեդրոնի երդիքին տակ նախատեսուած ձեռնարկը՝ Նորին Ամենապատուութեան բարձր հովանիին տակ պիտի բնորոշէ եռօրեայ ծրագրին սկիզբը։ Հաւաքոյթի ընթացքին պիտի ներկայացուի՝ յոբելեար Սրբազան հօր մասին պատրաստուած «ճամբան ու մարդը» փաստավաւերագրական կարճաժամկէտ ժապաւէնը, որու հեղինակն է՝ Երեւանէն յայտնի մտաւորական Տիգրան Պասկեւիչեան։ Այս յոբելեանին առթիւ պատրաստուած է նաեւ Գերշ. Տ. Արամ Ս. Արքեպս. Աթէշեանին մասին գիրք մը, որ կը բովանդակէ վկայութիւններ, կենսագրական բաժին մը եւ ճոխ ալպոմ մը։ Հրատարակչութեան այս ծրագիրը վերահսկած է Հոգշ. Տ. Յովակիմ Վրդ. Սերովբեան։ Ուրեմն, մշակութային հանդիսութեան ընթացքին պիտի ներկայացուի նաեւ այս գիրքը։
Յայտագրի գեղարուեստական բաժնին մէջ մեր ասմունքի թագուհին՝ Սիլվա Կոմիկեան հանդէս պիտի գայ Վահան Թէքէեանի «Եկեղեցին Հայկական»ով եւ Երանաշնորհ Տ.Տ. Վազգէն Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի «Պատգամ»ով։ Պատրիարքական Աթոռի «Արմաշ» դպրաց խումբը ընդլայնուած կազմով «Ազգ փառապանծ»ի կատարումով հանդէս պիտի գայ՝ Բրշ. Յարութիւն Էտվին Սրկ. Կալիպեանի մականին ներքեւ։ Պոլսահայ հոգեւորականաց դասուն անունով ողջոյնի խօսք պիտի արտասանէ Հոգշ. Տ. Յովակիմ Վրդ. Սերովբեան։ Հանդիսավարի պաշտօնը պիտի կատարէ Պէզճեան Մայր Վարժարանի տնօրէնուհի Քլոտիա Տէմիր։
Եզրափակիչ փուլին հնարաւորութիւն պիտի ընձեռուի, որպէսզի մեծարեալ Գերշ. Տ. Արամ Ս. Արքեպս. Աթէշեան կարողանայ անմիջական շփում ունենալ ներկաներուն հետ եւ մակագրել նորատիպ գիրքը։
Մշակութային հանդիսութեան մասնակցութիւնը դիւրացնելու համար դէպի Գումգաբու մասնաւոր փոխադրամիջոցներ յատկացուած են՝ Ֆէրիգիւղէն, Պաքըրգիւղէն, Եշիլգիւղէն եւ Գատըգիւղէն։
Պաշտօնական ընթրիք
(14 նոյեմբեր 2026, շաբաթ)
Նորին Ամենապատուութեան հովանաւորութեամբ, Գերշ. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի ի պատիւ մեծարանքի ընթրիք մը նախատեսուած է Գումգաբուի «Պէզճեան» սրահին մէջ։ Բացի Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ ներկայացուցիչներէն, պաշտօնական երեկոյթին հրաւիրուած են քաղաքիս քրիստոնեայ յարանուանութիւններու հոգեւոր առաջնորդները։ Սա ծրագրի միակ փուլն է, որու պարագային միջեկեղեցական մասնակցութիւն խնդրոյ առարկայ պիտի ըլլայ։ Երեկոյթի տեւողութեան նուագախումբ մը երաժշտական յայտագիր պիտի գործադրէ։ Յանուն պոլսահայ հոգեւորականաց դասուն, սեղանակիցներուն խօսք պիտի ուղղէ Պատրիարքական փոխանորդ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան։ Յանուն թրքահայ հաստատութիւններուն եւ մարմիններուն, մեծարեալ Սրբազան հօր յուշանուէր մը պիտի յանձնէ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու, որ ի պաշտօնէ կը գլխաւորէ նաեւ Թրքահայ վաքըֆներու միութիւնը (ԹՎՄ-ERVAB)։ Նոյնպէս համայնքային հաստատութիւններուն եւ մարմիններուն անունով, Նորին Սրբազնութեան ոսկեայ յոբելեանը պիտի ողջունէ Աթոռանիստ Մայր Եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Հրանդ Մոսկոֆեան։ Քոյր եկեղեցիներու ներկայացուցիչները պիտի արտասանեն շնորհաւորութեան խօսքեր։ Կարկանդակ մըն ալ պիտի հատուի Նորին Սրբազնութեան քահանայական ձեռնադրութեան յիսնամեակին առթիւ։
Պաշտօնական երեկոյթի հանդիսավարը պիտի ըլլայ յայտնի հաղորդավար Քարոլին Մամիկոնեան։
Այս ընթրիքին մասնակցութիւնը պիտի ըլլայ սահմանափակ, բացառապէս Պատրիարքական Աթոռի հրաւէրով։
Գոհաբանական Սուրբ Պատարագ (15 Նոյեմբեր 2026, Կիրակի)
Նորին Ամենապատուութեան նախագահութեամբ, Գերշ. Տ. Արամ Ս. Արքեպս. Աթէշեան Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր Եկեղեցւոյ սրբազան կամարներուն ներքեւ գոհաբանական Ս. Պատարագ պիտի մատուցանէ՝ մասնակցութեամբ Հայց. Առաքելական Ս. Եկեղեցւոյ Նուիրապետական Աթոռներու ներկայացուցիչներուն եւ պոլսահայ հոգեւորականաց դասու անդամներուն։ Արարողութեան ընթացքին պիտի ընթերցուի Վեհափառ Հայրապետին սրբատառ կոնդակը եւ պիտի յանձնուի «Սուրբ Ղեւոնդ Երէց» շքանշանը։ Պիտի ընթերցուին նաեւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսի եւ Երուսաղէմի Հայոց Ն.Ա.Տ. Նուրհան Պատրիարք Հօր շնորհաւորականները։ Յոբելեար Գերշ. Տ. Արամ. Ս. Արքեպս. Աթէշեան պիտի խօսի քարոզ մը։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրն ալ Աթոռանիստ Մայր Եկեղեցւոյ բեմին վրայ պիտի շնորհաւորէ իր հոգեւոր եղբայրը եւ իրեն պիտի յանձնէ յուշանուէր մը։
Ս. Պատարագի երգեցողութիւնները պիտի կատարուին պոլսահայ զանազան դպրաց դաս-երգչախումբերու անդամներէն բաղկացեալ խառն կազմի մը կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Բրկ. Յովսէփ Ուր. Դպ. Գույումճեանի եւ երգեհոնահարութեամբ Բրշ. Յարութիւն Էտվին Սրկ. Կալիպեանի։
Այս հանդիսաւոր Ս. Պատարագը պիտի բնորոշէ յոբելենական ծրագրի եզրափակիչ փուլը։ Այդ օր, Աթոռոյս կարգադրութեամբ՝ պոլսահայ բոլոր եկեղեցիները բաց պիտի ըլլան մոմավառութեան համար, Ս. Պատարագ պիտի մատուցուի միայն Աթոռանիստ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ։


