Ո՞րն է երաժիշտին յաջողութեան չափանիշը։ Լսող զանգուածի նուաճումը ինքնին չափանիշ է եւ ապացոյց արուեստագէտի յաջողութեան առումով։
Խոր յուզում յառաջացնել ունկնդրին հանդիսատեսին կամ ընթերցողին զգայնութեան վրայ։
Եթէ այդպէս է մենք նախորդ շաբաթ ներկայ եղանք երաժշտական երկու միջոցառումներու, որոնք բոլորովին տարբեր հարթութիւններու վրայ յաջողեցան նուաճել հանդիսատեսը։ Եսայեան Մշակոյթի եւ Գրակաութեան Միութեան նախաձեռնութեամբ կայացող «Հանդիպում» փառատօնին ծիրէն ներս 4 Մարտ չորեքշաբթի օր Սուրբ Երրորդութիւն Եկեղեցւոյ Նարեկեան սրահին մէջ բեմ բարձրացաւ Քերովբեան անսամպլը։ Արամ եւ Վիրճինեա Քերովբեան ամոլը իրենց դստեր Շուշանի եւ որդւոյն Վահանի հետ բեմ ելան կարծես ընտանեկան յարկի տակ միասին երգելու տպաւորութիւնը ցոլացնող պատկերով մը։
Երկու բաժիններէ բարկացող համերգի առաջին մասի մէջ տեղ գտած էին Կոմիտասեան մշակումներ առանց դաշնաւորումի։ Անոնք ներկայացուեցան ճիշդ այնպէս, ինչպէս որ Մեծն Կոմիտաս հաւաքած էր գեղչուկի կատարումներէն։
Համերգի երկորդ հատուածը բոլորովին ծանրաբեռնուած էր հարսանեկան երգերով։ Այս հատուածն ալ իր մէջ ունէր երկու բաժին։ Նախ կատարուեցան թագւորագովք կոչումով ծանօթ փեսան փառաբանող երգերէն նմուշներ։ Ապա հնչեցին հարս տանելու յատուկ աւելի թախծոտ նմուշներ։
Երբ համերգը աւարտին կը մօտենար Արամ Քերովբեան բեմ հրաւիրեց Քարտէշ Թիւրքիւլէր խումբէն ծանօթ Սելտա Էօզթիւրքը, որ իր էրպանէով իսկոյն փոխեց հարսի ողբերգներու տխուր տպաւորութիւնը եւ առիթ ընդձեռեց, որ յատկապէս երիտասարդներ փութան բեմի մերձակայ ազատ տարածք, շուրջպար կազմելու համար։
Արամ Քերովբեանի կատարողական ուղին զգուշօրէն հեռու կը մնայ լոկ զուարճանքի պատկեր մը գոյացնելէ։ Ան կը նախընտրէ հայ աւանդական երգարուեստը ծանօթացնել ակադեմական մակարդակի մը վրայ, դասախօսութեան մը բնոյթով։ Կարելի է ըսել թէ Արամ Քերովբեան իր այս մերձեցումով կը շարունակէ Մեծն Կոմիտասի աւանդը, որուն համերգները կ՚ունենային դասախօսութեան բնոյթ կամ դասախօսութիւնները համերգային վայելք։ Ան ալ իր կարգին չէր վարանէր նոյնիսկ Եւրոպայի երաժշտական ամպիոններէն արտասանած ճառերու ընթացքին յանկարծ գրպանէն դուրս բերել շուին եւ հայրենի երկրի չոպանի կանչը իր հարազատ կենդանութեամբ փոխանցել լսարանին։
Վահան եւ Շուշան Քերովբեանները այս համերգէն երկու օր անց դարձեալ բեմ բարձրացան՝ որպէս Քոլեկդիվ Մեծ Պազար խումբի երաժիշտներ։ Բեմին վրայ իրենց կողքին էր սասքսաֆոն ու քլարնեթով Էզկին եւ հարուածային գործիքներով Էտան։ Կարիք չկայ նշելու թէ քառեակի բոլոր անդամները երգիչ-երգչմոհիներ էին նաեւ, որոնք այս անգամ եկած էին բռնկեցնելու Ռոքսի նորաշունչ համերգասրահը ամբողջովին լեցուցած բազմաթիւն հանդիսատեսները։ Սկզբին հանդիպումի ծնրէն ներս միայն մէկ համերգ նախատեսուած էր «Քոլեկդիվ Մեծ Պազար»ի համար։ Սակայն երբ տոմսերը սպառեցան ժամերու տեւողութեան մէջ, հարկ եղաւ յաջորդ օր եւս համերգ մը կազմակերպել։ Ահա այդ առիթով է որ մենք յաջողեցանք այս հրաշալի երաժշտական խումբի պարգեւած ոգեւորութենէն բաժին ստանալ։
Ոգեւորութիւնը բնութեագրելու համար նախ փորձենք նկարագրել Ռոքսի համերգավայրը։ Ան կը գտնուի Ճնհանկիրի փողոցներէն մէկուն մէջ եւ այդ փողոցը ներս մտնելու համար հերթ պահող այլազգի երիտասարդներու հետ լեցուն էր։
Քիչ մըն ալ շահագործելով մեր յառաջածաց տարիքին ցուցաբերուած նախապատւութիւնը, յաջողեցանք հասնիլ մուտքի դրան։ Փորձեցինք մեր հեռախօսներուն հասած QR_code -երը ցոյց տալ, երիտասարդները առարկեցին ըսելով թէ կարիք չկայ, մեզ կը ճանչնան եւ արդէն կը սպասէին մեր գալուստը։
Կիսամութ դահլիճէն ներս մտնելով կրկին զարմացանք, քանի որ սրահի ներքնամասը արդէլ լեցուն էր եւ դուրսը տակաւին սպասող ահագին ժողովուրդ կար։
Նորաոճ այս տեսակ սրահներու մէջ հանդիսատեսը առհասարակ նստարան մը չունենար։ Ան ոտքի է ձեռքին բաժակ մը գինիիով կամ շիշ մը գարեջուրով եւ կ՚օրօրուի, կը ճօճուի երաժշտական հնչիւնի համապատասխան կերպով։

Այդ բազմութեան մէջ դարձեալ գործեց յառաջացած տարիքի առթած մենաշնորհը։ Քանի մը աթոռներ ճարուեցան մեզի համար եւ մենք չորսով տիրացանք աւելի հանգիստ պայմաններու։ Բայց այս անգամ բեմը բոլորովին անտեսանելի դարձած էր մեր դիմաց եւ մենք հարկադրուած էինք մեզ շրջապատող երիտասարդ- երիտասարդուհիներու յետոյքները դիտելու։ Միւս կողմէն բեմին վրայ կատաղի երաժշտութիւն մը կը տիրէր, որմէ անմասն չմնալու համար հրաժարեցանք աթոռներու հանգստաւէտութենէն եւ սկսանք երիտասարդներու հետ նոյն կշռոյթով ճօճուելու, օրօրուելու եւ մերթ ընդ մերթ ալ ցատկռտելու։
Մինչ այդ կը տարուէինք մտածելու թէ այսքան մեծ թիւով այլազգի երիտասարդ ինչպէ՞ս կը յաջողէին «Քոլեկդիվ Մեծ Պազար»ի հայերէն երգերուն ընկերակցիլ։
Եթէ վերադառնանք այս գրութեան սկզբի տողերուն, ահա երաժիշտները յաջողած էին նուաճել իրենց ունկնդիր զանգուածը եւ կը վայելէին ազգութիւնները յաղթահարող կամուրջներ կապել մշակոյթներու միջեւ։
«Հանդիպում»ի համերգներէն անմիջապէս ետք «Քոլեկդիվ Մեծ Պազար»ը ողեւորուեցաւ իր հիւրահամերգներուն Մարտին, Անգարա եւ Տիգրանակերտի մէջ։




