Հրանդ Տինք Հիմնարկը Պոլսոյ Հայ հաստատութիւններուն, հիմնարկներուն եւ դպրոցներուն վերաբերող արխիւներու պահպանման, դասաւորման եւ թուայնացման առումով երկարատեւ աշխատանքի մը լծուած է։ Կ՚ակնկալուի որ այս աշխատանքով հայ համայնքի մշակութային ժառանգը աւելի տեսանելի պիտի դառնայ եւ պիտի փոխանցուի յաջորդ սերունդներուն։
Այս առթիւ կոչ կը կատարուի հայ վարժարանի դպրոցական լուսանկարներու եւ փաստաթուղթերու փոխանցումին, սոյն նիւթերու դասաւորման եւ թարգմանումին համար կամաւոր աշխատանքի եւ արխիւային աշխատութիւնները խրախուսող նուիրատուութեան համար։
Վերջապէս արխիւները միայն անցեալին վերաբերող փաստաթուղթեր չեն՝ այլ հասարակութեան յիշողութիւնը, յարաբերութիւնները եւ փորձառութիւնները փոխանցող կենդանի աղբիւրներ։