13-17 Մայիս թուականներու միջեւ քաղաքս տեղի ունեցած ArtContact Istanbul 6-րդ միջազգային ժամանակակից արուեստի ցուցահանդէսի հիւրերն էին Հայաստանէն ժամանած արուեստագէտներ։
Ենիգաբը Քատիր Թոփպաշի ցուցահանդէսի եւ արուեստի կեդրոնին մէջ կայացող ցուցահանդէսը կը միաւորէր 40 երկրներէն նկարիչներ եւ հազարաւոր աշխատանքներ։ Այս տարի առաջին անգամ Հայաստանը ներկայացնող «Արամէ Արուեստի Պատկերասրահը» այցելուներու ուշադրութեան կեդրոնը նուաճեց իր 44 գեղանկարներով։
Ցուցահանդէսի բացման առաւօտուայ ժամերուն, Արամէ Արուեստի Պատկերասրահի հիմնադիր Արամ Սարգսեանի եւ նկարիչ Տիգրան Մատուլեանի հետ մեր կատարած ջերմ հարցազրոյցէն դրուակներ կը փոխանցենք։
Յարգելի Արամ Սարգսեան, քանի որ դուք «Արամէ Արդ Կալերի»ի հիմնադիրն էք, առաջին հարցումներս ձեզ պիտի ուղղեմ։
Երբ հիմնուեցաւ կալերին։ Քանի՞ մասնաճիւղ ունիք։
«Արամէ Արդ Կալերի»ն հիմնադրուած է 2003 թուականին Հայաստանի մէջ։ Երեւանի մէջ ունինք երկու կալերի։ Երկուքն ալ Երեւանի ճիշդ կեդրոնին կը գտնուին։ Լիբանանի մէջ երկու մասնաճիւղ ունինք։ 2014 թուին բացինք Ժըմէյզի թաղամասին առաջին կալերին, իսկ միւսը բացինք 2016 թուին Պէյրութի Զէյթունապէյ թաղամասին։
Մեր պատկերասրահի ամենամեծ գլխաւոր խնդիրը հայ արուեստագէտներուն միջազգային բեմ, ասպարէզ հանելն է։ Հիմա հոս եկած բոլոր գործերու նկարիչներուն ամբողջ Հայաստանը գիտէ, բայց խնդիրը այն է որ մեր տաղանդաւոր արուեստագէտները ճանչնան Հայաստանէն դուրս ալ։
Անոր համար մենք կը մասնակցինք համաշխարհային փառատօներուն, միջազգային ցուցահանդէսներուն։
Բացի ցուցահանդէսներէ մենք շատ աշխուժ կը զբաղինք հրատարակչական գործերով։ 23 տարուայ մէջ 30-է աւելի պատկերագիրք հրատարակած ենք։ Բոլոր նկարիչներու մասին եւ գիրքեր կը հրատարակենք եւ ֆիլմեր կը նկարահանենք։
Առաջի՞ն անգամ կու գաք Պոլիս
Ոչ, սա երրորդ գալս է։ Աւելի առաջ երկու անգամ Իսթանպուլին ծանօթանալու, արուեստի շուկան տեսնելու, իւրայատկութիւնները հասկնալու համար «Contlemporary İstabul» եկած էի։ Սա երրորդ այցս է Իսթանպուլ եւ արդէն 6-րդ Միջազգային Ժամանակակից Արուեստի ցուցահանդէս՝ «ArtContect İstanbul»-ի մասնակից ենք։
Նշեմ որ երկու ամիս առաջ մենք եւս մասնակցած ենք «Art Ankara»ի մէջ կայացող ցուցահանդէսին։
Պոլիսը ի՞նչ զգացումներ յառաջացուց ձեր վրայ։
Պոլիսը հարուստ պատմութիւն ունեցող քաղաք է։ Համայնք ունի։ Մենք յուզուած ենք տեսնելով մեր հայրենակիցները այստեղ կ՚ապրին, կ՚աշխատին… Մենք այցելեցինք Ազգային Հիւանդանոց շատ գեղեցիկ էր։ Զրուցեցինք Պետրոս Շիրինօղլուի հետ։ Այս ամէնը մեզ շատ հարազատ է եւ մենք հպարտ ենք, որ այդ տեսակ պատմութիւն կայ Պոլսոյ մէջ։
Ինչպէ՞ս մասնակցեցաք «Art Ankara»ին։
Տարուայ սկզբին մենք որպէս «Արամէ Արդ Կալերին»ն մասնակցեցինք «Art Kahire»ին։ Այնտեղ մեզ մօտեցաւ շատ յարգարժան պարոն մը՝ Պիլկին Այկիւլը, որ մենք հասկցանք որ «Art Ankara»ի հիմնադիրն էր։ Ան շատ տպաւորուած էր մեր արուեստով, շատ գեղեցիկ գնահատեց մեր արուեստագէտներու գործերը, շատ բարձր մակարդակի տեսաւ եւ մեզ առաջարկեց մասնակցիլ «Art Ankara»ին։
Անգարայի մէջ շատ մեծ յաջողութիւն ունեցանք։ Մեր արուեստը շատ բարձր գնահատուեցաւ, ուրախ ենք այս առումով։
Քանի՞ արուեստագէտներու գործը բերած էիք Անգարա եւ հիմա քանի՞ արուեստագէտներու գործերը բերած էք Իսթանպուլ։
Ինը։ Անգարա ալ ինը արուեստագէտի գործերը բերած էինք։ Հիմա Պոլիս ալ ինը արուեստագէտի գործերէն 44 նմոյշներ բերինք։ Այսօր Ռուբէն Գրիգորեան, Վահագն Յարութիւնեան, Արթուր Սարաֆեան, Տիգրան Մատուլեան, Իկոր Փրոն, Աւետիս Խաչատրեան, Արամ Յակոբեան, Մարատ Մարգարեան եւ Սարգիս Համալպաշեան Պոլիս կը ներկայանան իրենց արուեստով։
Բայց մենք «Arame Art Gallery» ըլլալով կ՚աշխատինք մօտ 40 արուեստագէտներու հետ։
Միջազգային փառատօններուն համար մենք կ՚ընտրենք ամենալաւագոյններուն, որոնք լաւ կը ներկայացնեն հայ արուեստը։ Այսինքն լաւագոյններէն լաւագոյնը։ Որպէսզի կարողանանք միջազգային շուկային արժանապատիւ ձեւով ներկայացնենք մեր արուեստը։
Մեր արուեստագէտներ Հայաստանին մէջ արդէն շատ ճանչցուած են։ Մենք այս ցուցահանդէսին կը ներկայացնենք ֆիկուրաթիվ արուեստը։ Մեր նկարիչներուն բոլորը թանգարանային նկարիչներ են։ Օրինակ Տիգրան Մատուլեանը վաստակաւոր նկարիչ եւ Հայ Ժամանակակից Արուեստի Թանգարանին ներկայացուած հեղինակ է։
Մենք վստահ ենք որ Պոլսոյ մէջ ալ այս արուեստագէտները բարձր կը գնահատուին։
Ձեր եւ Մատուլեանի ծանօթութիւնը ինչպէ՞ս եղաւ։
Երբ որ մարդ կը հիմնադրէ կալերի մը կը փորձէ իր շուրջ հաւաքել ամենալաւագոյն նկարիչները։ Գաղտնիք չէ եթէ դուն կ՚ուզես լաւ կալերի դառնաս, ուրեմն դուն պիտի ունենաս լաւ արուեստագէտներ։ Եւ արդէն 22 տարիէ ի վեր կ՚աշխատինք իրար հետ։
Լիբանանը դժուար օրերուն մէջ է։ Իսկ դուք հէնց այս օրերուն ցուցահանդէս բացած էք։ Գործերուն բան մը չըլլա՞ր։
Ես 30 տարի Պէյրութ կ՚երթամ կու գամ արդէն, սովոր եմ ռումբերուն։
Ռումբերը չէ դադրած բայց մենք նորէն ալ բացինք մեր կալերին։ Պէյրութի մէջ 70 կալերի կայ, բայց մենք միակն ենք որ բաց ենք։ Մենք մէկ արդիսդին ներկայացուցինք՝ Ալպերտ Յակոբեանի անհատական ցուցահանդէսն էր լաւ անցաւ։
Լիբանանի մեծ պայթումին ձեր ցուցասրահը վնաս ստացա՞ւ։
Այո, շատ վնաս եղաւ։ Մօտ 40 նկար պատրուեցան։ Մատուլեանին Աստուած լաւ աչքով կը նայի, որովհետեւ իր նկարները վնաս չստացան։
Պարոն Մատուլեան դուք «Ակօս» այցելած առաջին հանդիպումէն մինչեւ օրս մեր վաղեմի բարեկամը դարձած էք։ Ձեր գործերը այժմ կը ցուցադրուին «ArtContect İstanbul»։ Քիչ մը խօսի՞նք այս մասին։
Այո։ Ես «ArtContect İstanbul»ին մասնակցած եմ վեց աշխատանքներովս։ Վերջին երկու աշխատանքներս գիշեր, ցերեկ մէկ ու կէս ամիս նկարած եմ որ հասցնեմ այս ցուցահանդէս։ Մօտաւորապէս օրական 15 ժամ նկարեցի։ Շատ լաւ աշխատանքներ եղան։ Վերջին վեց ամիսներու ամենալաւ աշխատանքներս Պոլիս գալու համար նկարուեցաւ կրնամ ըսել։ Ասոր պատճառը այն էր, որ շատկ՚ուզէի ձեր բոլորը տեսնել։
Ձեր նկարներուն մէջ գոյներու աշխարհի արանքը կ՚իյնանք։ Այս գունաւոր եւ բազմաշերտանի նկարներուն մասին ի՞նչ կրնաք ըսել։
Կրնամ շատ գոյն օգտագործել, բայց շատ քիչ գոյն երեւայ։ Քոլորիտ կը կոչուի նկարչական, այդ արդէն լրիւ մասնագիտական հարց է։ Այդ կարեւոր չէ։ Կարեւորը այն է, որ նկարը կախեցինք բոլորը եկան ժամերով նայեցին նկարիս վրայ։ Նկարներս շերտերով է եւ տակը լրիւ տարբեր բաներ նկարուած է։ Հիյորոկլիֆներ նկարուած է, նկարին մէջ կը փնտռես որ գտնաս։ Մոզայիքա աշխատած եմ։
Դուք նորէն կին թեմայով նկարած էք։
Աստուած կնոջ պարգեւ ստեղծած է տղամարդու համար։ Տղամարդը պէտք է ամբողջ կեանքին մէջ կին գովերգէ։ Չէք զգացած որ ամբողջ պոյէզեան, երաժշտութիւնը, ամէն ինչ կը հիմնուի կնոջ գեղեցկութեան վրայ։
Ինչպէս սկած է նկարչութիւնը գիտէ՞ք։ Այդ քարանձաւներու մարդիկ որ կ՚ապրէին գացած են որսի կենդանի որսած ու եկած նկարած են։ Գիտէ՞ք ինչու։ Կանանց մօտ գլուխ գոված են, որ իրենք որս ունին։
Ձեր նկարներու մէջ կանայք կարծես միշտ քիչ մը թմբլիկ են ինչո՞ւ։
Գեղեցիկը կը շատցնեմ։ Իմ նկարներու մէջի կիները ճշգրիտ տէօքիւմենթով նկար չեն։ Կը ներկուին օրլամենթալի մէջ։
Նոր ես Երեւանի մէջ ցուցահանդէս բացի «Օրլամենթալ Երազ» անունով, որովհետեւ մի հատ դիփիք օրինակ բերեմ՝ երբ որ երթաս ջուրի ափով պզտիկ քարեր կան, բայց ոչ մէկը չըսէր որ ասոնք անդիկ են։ Բայց որ քամի վրայ յանկարծ մէկ օրլամենթ զարդանախշ տեսնենք՝ այդ քառը շուտով կ՚երթայ թանգարան՝ գիտէք ինչու համար, որովհետեւ այդ արդէն պատմութիւն է։ Օրլեմենթը բարիութեան, գեղեցկութեան նշան է։
Ինչո՞ւ կնոջ զարդ կը նուիրէն։ Որովհետեւ զարդը ինքը բարիութիւն է, զէնք չէ։ Ես միշտ կը զարմանայի որ զէնքին վրայ փորագրում էին սիրուն քարեր։ Իմ ամբողջ նկարներուս մէջ զարդեր կան։
Ձեր աղջիկը Մարգարիտան ալ ձեզ նման որակաւոր արուեստագէտ մըն է։ Իրար նման յատկութիւններ ունի՞ք։
Իսկութեան մէջ իրարմէ շատ տարբեր ենք, բայց Մարգարիտան ալ կը սիրէ թմբլիկ կանանց քանդակել ու վրան զարդեղէններով։ Մենք շատ կը կրուինք արուեստանոցի մէջ։Ինքը բաւականին ծանր քանդակի գործեր ունի, նոր գործերէն մէկը մօտաւորապէս 32 քկ. է։
Այսօր Հայաստանի մէջ արուեստագէտը իր արժանի տեղը կը գտնէ՞։
Հիմա Հայաստանի մէջ շատ բարդ է արուեստագէտի վիճակը։ Արուեստագէտը անպաշտպան է։ Գիտէք ինչո՞ւ, որովհետեւ պետական պաշտպանուածութիւն չունինք։ Ամէն ինչի համար ժամանակ պէտք է։ Հիմա քիչ քիչ բաներ մը կը փոխուի։



