2026-ի «Եկեղեցական Օրացոյց»
Լոյս տեսաւ Պատրիարքական Աթոռի օրացոյցը
«Եկեղեցական օրացոյց»ը կը պարունակէ եկեղեցական մեր բոլոր տօները, շարականները, սուրբգրական ընթերցումներու համարները, եկեղեցիներու ուխտի օրերը եւ այլն։
Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս Պատրիարքական Աթոռը հրատարակեց 2026-ի «Եկեղեցական Օրացոյց»ը։
«Եկեղեցական օրացոյց»ը կը պարունակէ եկեղեցական մեր բոլոր տօները, շարականները, սուրբգրական ընթերցումներու համարները, եկեղեցիներու ուխտի օրերը եւ այլն։
Նաեւ ընթերցողը հրատարակութեան վերջաւորութեան կը գտնեն Պատրիարքական Աթոռի հոգեւոր իշխանութեան ներքեւ ծառայող հոգեւորականաց ցանկը՝ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօրմէ մինչեւ ժառանգաւորներ, համայնքային բոլոր մարմիններու եւ կազմակերպութիւններու, ինչպէս եկեղեցիներ, դպրաց դասեր, վարժարաններ, միութիւններ, մամուլ, գերեզմանատուներ, Պատրիարքական Աթոռոյ գաւազանագիրքը, Հայ Եկեղեցւոյ Եպիսկոպոսներու ցանկը եւ այլն։
Փափաքողներ «Եկեղեցական Օրացոյց»ը կրնան ձեռք բերել Պատրիարքարանէն։

