Լուսաւորիչ Երգչախումբը Ֆրանսահայոց Առաջնորդարանին Մէջ
Լուսաւորիչ Դպրաց Դաս Երգչախումբը անցեալ շաբաթավերջին Փարիզի մէջ մասնակցեցաւ «Պոլսահայ Շաբաթավերջ» ծրագրին։
Խումբը, առաջնորդութեամբ Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց Քարոզիչ եւ Դպրաց Դասու նախագահ Հոգշ. Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանի, այցելեց Փարիզի Առաջնորդանիստ Մայր Եկեղեցին, ուր ընդունուեցաւ Ֆրանսահայոց թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Գրիգոր Եպս. Խաչատրեանի կողմէ:
Խումբին մաս կը կազմէին Առնուվիլի Վարագայ Ս. Խաչ Եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդէն ատենապետ Արետ Թահմիզեան եւ անդամներ, ինչպէս նաեւ Արժ. Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան, Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց Երէց Արժ. Տ. Գէորգ Ա. Քհնյ. Չնարեան եւ Բրշ. Լեւոն Սրկ. Գույումճեան:
Երգչախումբը Առնուվիլի Քաղդէացւոց Ս. Յովհաննէս Աւետարանիչ Առաքեալ Եկեղեցւոյ մէջ Յակոբ Մամիկոնեանի մականին ներքեւ հանդէս եկաւ համերգով։ Ներկայ էին Ֆրանսահայոց Առաջնորդ Գերշ. Տ. Գրիգոր Եպս., Թուրքիոյ Քաղդէացի Կաթոլիկ համայնքի առաջնորդ Մոնս. Սապրի Անար Արքեպիսկոպոս, որ իր խօսքերուն մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր։ Իսկ անցեալ Կիրակի, Առնուվիլի Վարագայ Ս. Խաչ Եկեղեցւոյ մէջ Հայր Սուրբը պատարագեց եւ քարոզեց։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Լուսաւորիչ Դպրաց Դաս Երգախումբի կողմէ, առաջնորդութեամբ Յակոբ Մամիկոնեանի եւ երգեհոնահարութեամբ Բրկ. Ռոպէր Ուր. Դպ. Տօղանայի։ Հանդիսութեանց առիթով Հայր Սուրբը պատգամներուն մէջ փոխանցեց Նորին Ամենապատուութեան օրհնութիւնները եւ բարեմաղթութիւնները հաւատացեալներուն եւ «Պոլսահայ Շաբաթավերջ» ծրագրի կազմակերպիչներուն։

