Խոր վշտով վերահասու եղանք մեր վաղեմի բարեկամ Ֆերման Թորոսլարի սիրելի կողակցին՝ Պայծառ Թորոսլարի մահուան գոյժին։ Տիկին Պայծառ Ս. Զատկի օր աւանդեց իր հոգին, շուրջ երեք տարի տեւող հիւանդութենէ ետք։
Թուականը իմաստալից էր, քանի որ կը զուագադիպէր ամուսնութեան 70-ամեակին։ Անցնող այդ եօթը տասնամեակները լի են համերաշխ միասնութեան բազում ապրումներով։ Անոնք ունեցան որդի մը եւ երկու դուստրեր, որոնց շնորհիւ բախտաւորուեցան թոռներով եւ ծոռով։
Պայծառ Թորոսլարի վերջին հրաժեշտի արարողութիւնը կատարուեցաւ 8 Ապրիլ Չորեքշաբթի եւ յուղարկաւորուեցաւ յաջորդ օր Նիւ Ճըրզիի Սուրբ Վարդանանց Եկեղեցին։


