Հանրածանօթ վերլուծաբան Ռիչըրտ Կիրակոսեան աշխտանքային ժողովի մը մասնակցելու համար ժամանած էր Պոլիս, ուր յանկարծակիօրէն անհանգստանալով հիւանդանոց փոխադրուեցաւ։ Ան Օքմէյտանի Փրոֆ. Ճեմիլ Թաշչըօղլու Հիւանդանոցի մէջ խտացեալ դարմանման բաժին դրուեցաւ, ուղեղային արիւնահոսութեան ախտաճանաչումով, ուր մահացաւ 19 Սեպտեմբերի երեկոյեան ժամերուն։
Հիւանդանոց փոխադրուելէն անմիջապէս ետք քաղաքս ժամանեց նաեւ իր եղբայրը Քրիս Կիրակոսեան, որ մինչեւ մահուան պահը մնաց իր եղբօր մօտ։ Արդարեւ ինք էր որ անձամբ գուժեց Ռիչըրտ Կիրակոսեանի մահը։
Ռիչըրտ Կիրակոսեան որպէս վերլուծաբան անցեալին ալ բազում անգամներ այցելած էր Թուրքիա եւ այստեղ ունեցած էր բարեկամներ։ Անոնցմէ մէկն է Ճգնաժամերու Միջազգային Խմբակի Թուրքիոյ վարիչ Նիկար Կէօքսել։
«Երեսունական եւ քառասունական տարիքներուս անհամար փանելային ժողովներու մասնակցած ենք Արեւմտեան Եւրոպայի, Թուրքիոյ, Հայաստանի եւ Վրաստանի տարածքին։ Բանակցած ենք Թուրքիա-Հայաստան- Ատրպէյճանի խնդիրներու շուրջ։ Տարակարծութիւններ ունեցած ենք զանազան նիւթերով եւ միշտ համոզուած որ իրար հասկնալու գետին մը միշտ առկայ է մեր միջեւ։ Շատ կը ցաւիմ Ռիչըրտի մահը լսելով։ Կը կարծէի թէ ան միշտ հոն պիտի ըլլայ եւ պիտի շարունակուի մեր երկխօսութիւնը։ Աւելի քան 20 տարիէ ի վեր մեր բաժնած այդ փոքր աշխարհին մէջ մեծ անդունդ մը գոյացաւ։ Պարապութիւն մը նաեւ իմ կեանքիս մէջ։ Խաղաղ ննջէ սիրելի Ռիչըրտ։ Աւարտեմ փանելներու վերջաւորութեան քու յաճախ կրկնած հաստատումով. -Արդիւնքն այն է, որ արդիւնքի մը չենք յանգած-» գրած է Նիկար Կէօքսել իր սոցցանցի գրառումին մէջ։
Որոշ ժամանակ Հայաստանի մէջ ալ պաշտօնավարած BBC ռատիոյի անձնակազմէն Էմիլիոյ Քրիչիօ ալ հրապարակած է հետեւեալ տողերը. «Խորապէս ցնցուած եմ հայ առաջատար վերլութաբան Ռիչըրտ Կիրակոսեանի մահուան գուժը լսելով։ Մեծ լրջութեամբ կը կատարէր իր աշխատանքը, անխոնջ կ՚աշխատէր տարածքաշրջանի մէջ խաղաղութեան հաստատման համար։ Խիստ քաղաքակիրթ էր եւ հումորի հրաշալի հասկացողութիւն մը ունէր»։
Ռիչըրտ Կիրակոսեան ծնած էր 8 Յունուար 1965-ին, Փրովիտեանդս, Ռոտ Այլընտի մէջ։ Աշխատակցած էր Միջազգային զանազան կազմակերպութիւններու եւ մամուլի օրկաններու, այդ թուին «Ակօս»ի էջերուն։
2006 թուականին հաստատուեցաւ Հայաստան եւ հիմնադիրներէն եղաւ տարածքային հետազօտութիւններու կեդրոնին, որուն վարչութիւնը ստանձնած էր մինչեւ իր մահը։
Իբրեւ «Ակօս»ի անձնակազմ կը ցաւակցինք հարազատներուն։


