«Ակօս»ի նախկին աշխատակիցներէն, բազմամեայ ուսուցչուհի Թալին Չորթան Կարիպկիւն մահացաւ յետ անողոք հիւանդութեան։
Մեր սիրելի ընկերուհին վերջին երկու տարիներու ընթացքին կը պայքարէր հիւանդութեան դէմ, որ իր մահաբեր ճիրաններուն մէջ առած էր զինք։
Թալինը «Ակօս»ի էջերուն վրայ բազմաթիւ յօդուածներ ստորագրած էր՝ յատկապէս առողջապահական նիւթերով։ Ունեցած էր բազմաթիւ հարցազրոյցներ մասնագէտներու հետ։
Ան աշխատակցած էր նաեւ թերթիս մանկական էջերուն, «Ակօսիկ» ընդհանուր խորագրին ներքեւ եւ «Մարմարա»ին։
Կը ցաւակցինք սիրելի ամուսնոյն ատամնաբոյժ Ժիրայր Կարիպկիւնի եւ որդիներուն, կիսելով անոնց սուգն ու կսկիծը։


