Մահաբեր սովին կը յաջորդէ մահաբեր ցուրտը
Մահուան դէպքերուն մէջ 7 երախաներու մահագրութեան դիմաց նշուած է (hypothermi) այսինքն մարմնի ջերմութեան նուազում։
Կազզայի ուղղեալ իսրայէլեան բռնութիւնը զինադադարէն ետք ալ կը շարունակէ անմեղ կեանքեր խլել։ 19 Հոկտեմբեր 2025-ին կեանքի կոչուած զինադադարէն ետք ՈՒՆԻՍԵՖ-ի բանբեր Ճէյմս Էլտըրի փոխանցած յայտարարութեամբ աւելի քան 100 անչափահասներ մահացած են։ Մահուան դէպքերուն մէջ 7 երախաներու մահագրութեան դիմաց նշուած է (hypothermi) այսինքն մարմնի ջերմութեան նուազում։
Այսպէսով սնունդի անբաւարարութեան հետեւանքով գոյացած կեանքի կորուստներու վրայ հիմա ալ աւելցած է ձմրան սաստիկ պայմաններու մէջ անօթեւան մնալէ յառաջացած կեանքի կորուստներ։
Իսրայէլեան իշխանութիւնները թոյլ չեն տար շինարարական աշխատութիւններուն։ Տնազուրկ մնացած պաղէստինցիներ ապաստանած են 135 հազար վրաններու տակ, որոնցէ 126 հազարը անապահով կը մնան ձմրան թէժ պայմաններու դիմաց։

