Որքան էական որ կը դառնայ Մայիսի Մէկը, նոյնքան կը ծանրանայ այդ օրը յիշատակելու դէմ յարուցուած արգելքները։
Այս տարի ալ ոստիկանութիւնը, նախապատւութիւն տալով Պոլսոյ Թաքսիմի Հրապարակին, պատնէշներով փակած է քաղաքի գլխաւոր հրապարակները եւ այդ հրապարակներ հասնող մայրուղիները կամ փողոցները։
Կարծես քաղաքի իշխանութիւնները ոչ աշխատանքային օր համարուած այդ թուականը վերածած ըլլան տունէն դուրս չգալու օրուան։ Խափանուած են հանրային փոխադրամիջոցները՝ յատկապէս զանց առնելով կեդրոնական թաղերը։
Արհմիութիւնները ակամայ համակերպած են սահմանափակումներուն եւ որոշած են հանրահաւաք կատարել Քատըգիւղի մէջ։



